Աթէնքի մէջ գումարուեցաւ Հ.Յ.Դ. Հայ Դատի Եւրոպայի Յանձնախումբերու խորհրդաժողովը

Մէկ ազգ, մէկ պայքար գաղափարական առաջադրանքով գործելու եւ Եւրոպայի տարածքին Հայ Դատի պահանջատիրութեան աշխատանքները համակարգելու նպատակով, Աթէնքի մէջ 29-30 Նոյեմբերին կազմակերպուեցաւ երկօրեայ խորհրդաժողով՝ ՀՅԴ Բիւրոյի եւ Եւրոպայի Հայ Դատի Յանձնախումբի նախաձեռնութեամբ եւ Յունաստանի Հայ Դատի Յանձնախումբի կազմակերպութեամբ։

Ներկայ եղան Եւրոպայի տարածքին գործող Հայ Դատի յանձնախումբերու (Յունաստան, Պուլկարիա, Կիպրոս, Ռումանիա, Շուէտ, Գերմանիա, Աւստրիա, Պելճիքա, Հոլանտա, Ֆրանսա, Սպանիա) ներկայացուցիչներ, ՀՅԴ Յունաստանի կառոյցի ընկերներ եւ Երիտասարդական Միութեան անդամներ։

Նախքան խորհրդաժողովի աշխատանքներու մեկնարկը՝ տեղի ունեցաւ բացման պաշտօնական արարողութիւն, ուր ներկայ եղան Յունաստանի թեմակալ առաջնորդ Գերշ. Տ. Խորէն արք. Տողրամաճեան, Յունաստանի մօտ ՀՀ դեսպան Գագիկ Ղալաչեան, Յունահայոց Ազգային Վարչութեան, Հ.Կ. Խաչի, Համազգայինի եւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Շրջանային Վարչութեանց ներկայացուցիչները։

Բացումը կատարեց Եւրոպայի Հայ Դատի Յանձնախումբի նախագահ ընկ. Գասպար Կարապետեան, ապա ողջոյնի խօսքերով հանդէս եկան Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչ ընկ. Քերոբ Էքիզեան, թեմակալ առաջնորդ Սրբազան հայրը, ՀՅԴ Բիւրոյի կողմէ ընկ. Յակոբ Տէր Խաչատուրեան, Յունաստանի մօտ ՀՀ դեսպանը։ Ելոյթներուն մէջ շեշտուեցաւ Հայաստանի-Արցախի-Ջաւախքի եւ Սփիւռքահայութեան հարցերը ուժականութեամբ յառաջ մղելու եւ արդիւնաւէտ ու համակարգուած արդիւնքներ ապահովելու հրամայականը։

Կարճ դադարէ մը ետք ժողովը շարունակեց իր աշխատանքները շուրջ 75 մասնակիցներու ներկայութեամբ, երկու օրերու ընթացքին քննարկելով իր օրակարգին վրայ դրուած հարցերը՝

ա) Թուրք-ատրպէյճանական ներթափանցումը եւ հակահայ քարոզչութիւնը եւրոպական երկիրներուն մէջ.

բ) Արցախի պետութեան հզօրացում եւ միջազգային ճանաչում.

գ) Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին առնչուող հարցեր (ճանաչում, ժխտումի քրէականացում, հատուցում).

դ) Ջաւախքի հայութեան իրաւունքներու պաշտպանութիւն.

ե) Համաեւրոպական կազմակերպութիւններու մէջ նախաձեռնութիւններ.

զ) Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին քաղաքականութեան վերաբերեալ հարցեր.

է) Զանգուածային լրատուական միջոցներ եւ հանրային կարծիքի ձեւաւորումի քաղաքականութիւն։

Ժողովը լսեց նաեւ մասնակից Հայ Դատի յանձնախումբերու՝ նախորդ խորհրդաժողովէն՝ 2013 Յունիսէն ի վեր աշխատանքներու մասին, ուր անդրադարձ եղաւ նաեւ Սուրիահայութեան օժանդակութեան ուղղուած ծրագիրներուն շուրջ:

Օրակարգային հարցերուն համարժէքօրէն արձագանգելու համար՝ համակարգուած ու յաւելեալ ճիգ ներդնելու անհրաժեշտութիւնը շեշտուեցաւ խորհրդաժողովի մասնակիցներուն կողմէ, որոնց քննարկումները ծանրացան նոր ժամանակներու եւ իրողութիւններուն համաքայլ ընթանալու մտահոգութեամբ։

Հ.Յ.Դ. ՀԱՅ ԴԱՏԻ ԵՒՐՈՊԱՅԻ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲԵՐՈՒ ԽՈՐՀՐԴԱԺՈՂՈՎ

30 Նոյեմբեր, 2014

Աթէնք, Յունաստան