19-րդ շարունական տարին ըլլալով՝ Սիրոսի մէջ 10 յիշատակելի օրեր անցուցին Արցախի պատանիները

(Սեպտեմբեր 16) ԱԶԱՏ ՕՐ – Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Հայ Դատի Յանձնախումբի կազմակերպութեամբ, 19րդ շարունակական տարին ըլլալով, Յունաստան այցելեցին 12-15 տարեկան պատանիներ, Արցախի տարբեր քաղաքներէ, Սիրոս կղզիին մէջ 10-օրեայ արձակուրդի շրջան մը անցնելու համար:

Իրենց կեցութեան առաջին երկու օրերուն ընթացքին անոնք հիւրասիրուեցան Փիրէայի «Խածիքիրիաքիօ» հաստատութեան մօտ, պտոյտներ կատարելով Աթէնքի եւ Փիրէայի մէջ: Ապա մեկնեցան Սիրոս կղզի, ուր հիւրասիրուեցան Սիրոսի քաղաքապետութեան կողմէ, Քինի շրջանի Ֆրերներու ամառնային բանակավայրէն ներս, 10-օրեայ յիշատակելի արձակուրդի շրջան մը անցնելով Քիքլատես կղզեխումբին պատկանող այս գեղեցիկ կղզիէն ներս:

22 պատանիներու եւ իրենց երկու պատասխանատու ուսուցչուհիներու կողքին գտնուեցան Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Հայ Դատի Յանձնախումբի պատասխանատու ընկեր-ընկերուհիները, որոնք սիրայօժար եւ պարտականութեան բարձր գիտակցութեամբ՝ ընկերացան Արցախի փոքրերուն:
Սիրոսի մէջ կեցութեան առիթով, տղաքը այցելեցին Էրմուփոլիսի քաղաքապետարանը, ուր ընդուն-ւեցան քաղաքապետ Եորղոս Մարակոսի եւ քաղաքապետական խորհուրդի անդամներուն կողմէ: Յուշանուէրներու փոխանակումէն ետք, քաղաքապետը անգամ մը եւս նորոգեց իր հրաւէրը, յաջորդ տարուան համար, նշելով թէ գալ տարի 20ամեակը պիտի տօնենք կարեւոր այս նախաձեռնութեան, որ Սիրոսի մէջ համախմբած է աւելի քան 450 տղաք Արցախէն, անցնող տարիներուն ընթացքին: Պրն. քաղաքապետը խոստացաւ գեղարուեստական ժողովրդային երեկոյ մը կազմակերպել յաջորդ տարի, Էրմուփոլիսի կեդրոնական վայրէ մը ներս, ժողովուրդին ներկայացնելու համար Արցախի մշակոյթն ու պատմութիւնը:
Յիշատակելի էր Արցախի տղոց այցելութիւնը Սիրոսի «գնդապետ Զաֆիրիս Ափոսթոլու» զօրանոց, որ ժամանակին գործած է որպէս որբանոց, պատսպարելով Փոքր Ասիոյ աղէտէն ետք Յունաստան ղրկուած հայ որբուկները:
Արցախի պատանիներու կեցութեան ծրագրին մանրամասնօրէն անդրադարձան «Քինի Ղնոմի» եւ «Օ լողոս թոն Քիքլատոն» տեղական թերթերը:

Հիւրասիրութիւն՝ Գոքինիոյ «Զաւարեան» եւ Ֆիքսի «Արամ Մանուկեան» ակումբներէն ներս

ANC Greece Artsakh children ZavarianՆախքան իրենց վերադարձը հայրենիք, Արցախի տղաքը երկու օրուայ համար հիւրասիրուեցան Գոքինիոյ «Զաւարեան» կեդրոնէն ներս, «Զաւարեան» խորհուրդի եւ Հայ Կապոյտ Խաչի Գոքինիոյ «Սօսէ» մասնաճիւղին կողմէ: Ներկայ էր շրջանի հոգեւոր հովիւ Տ. Յովհաննէս աբղ. Սաղտըճեանը եւ խորհուրդի ու վարչութեան ընկեր-ընկերուհիները:

Չորեքշաբթի 10 Սեպտեմբերի երեկոյեան, պատանիները այցելեցին Ֆիքսի «Արամ Մանուկեան» ակումբը, ուր գեղարուեստական փոքրիկ յայտագիր մը ներկայացուցին ժողովուրդին, հիւրասիրուելով շրջանի Հ.Յ.Դ. «Արամ Մանուկեան» կոմիտէի եւ Հայ Կապոյտ Խաչի «Ռուբինա» մասնաճիւղի վարչութեան կողմէ:
Ֆիքսի մէջ հիւրասիրութեան ներկայ եղաւ Յունահայոց թեմակալ առաջնորդ Գերշ. Տ. Խորէն Արք. Տողրամաճեան, որ անցնող օրերուն ընթացքին Արցախի պատանիներուն կողքին գտնուեցաւ, Աթէնքի եւ Սիրոսի մէջ, քաջալերական իր ներկայութիւնը շնորհելով անոնց: Ներկայ էր նաեւ շրջանի հոգեւոր հովիւ Տ. Նարեկ քհն. Շահինեան:
Կոմիտէի կողմէ ընկ. Սերգօ Գույումճեան բարի գալուստ մաղթեց պատանիներուն, շեշտելով թէ իրենց ներկայութիւնը իւրաքանչիւր տարի կ’ամրապնդէ ազգայինւ հպարտութեան զգացումները մեր բոլորին մօտ:

————————
Կարէն Տօնեան Հադրութի շրջանը կը բնակի: Ան 12 տարեկան է եւ կը յաճախէ իր բնակավայրի վարժարանը: Հետեւեալ արտասանութիւնը գրի առած է, որ կը հրատարակենք, Սիրոս այցելութեան իր առիթով:

Խաղաղութիւն

Խաղաղութեան մասին
ես շատ եմ աղօթել,
Խաղաղութեան մասին
ես շատ եմ մտածել,
Մտածել, մտածել
ու չեմ հասկացել,
Ու ամէն գիշեր
ես շատ եմ լացել:

Իմ հայրենիքը

Հայրենիքս իմ սէրն է,
Հոգն է իմ սրտի,
Հայրենիքս իմ սրտի միակն է,
Ու հրաշքը աշխարհի: