«Միջազգային Ընտանիքը Իրաւարար Չէ, Սակայն Որոշակի Պատասխանատուութիւն Ստանձնած Է Եւ Պէտք Է Դէպքերուն Ճիշդ Գնահատականը Տայ» «Վանայ Ձայն»-ին Ըսաւ Կիրօ Մանոյեան

«Վանայ ձայն» ձայնասփիւռի կայանը հայ-ազրպէյճանական սահմանագիծին վրայ արձանագրուած վերջին զարգացումներուն հարցով հարցազրոյց մը ունեցաւ ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ դատի եւ քաղաքական հարցերով գրասենեակի պատասխանատու Կիրօ Մանոյեանի հետ:

Պատասխանելով այն հարցումին, որ ներկայ իրավիճակը որքանո՛վ կարելի է նախապատերազմական կացութիւն մը նկատել, Մանոյեան ըսաւ, որ ճիշդ է, թէ լարուածութիւնը անցեալին համեմատած բաւական բարձր մակարդակի է, սակայն դժուար է այս վիճակը նկատել նախապատերազմական, որովհետեւ այդ ուղղութեամբ նախապատրաստութիւն գոյութիւն չունի, թէեւ կարելի չէ բացառել, որ ազրպէյճանական կողմէն զինադադարի այս խախտումներուն շարունակումը յանկարծ կրնայ պատերազմի վերածուիլ:

Մանոյեան նշեց. «Ի վերջոյ այս պատերազմը չէ աւարտած, իսկ պատերազմը միայն ռազմաճակատին վրայ չէ եւ որոշ առումով հոգեբանական ու քաղաքական պատերազմ է, եւ Պաքու պիտի փորձէ արդարանալ, որ ինք ինչո՛ւ այդքան զինուոր կորսնցուցած է»: Ան ըսաւ, որ Ազրպէյճանի կողմէ իրադարձութեանց խեղաթիւրման ի տես պէտք չէ զարմանալ, որովհետեւ ներքին եւ արտաքին ճակատի վրայ հաշուետուութիւն ունի կատարելիք` նկատի ունենալով, որ խախտումներ կատարողը ինքն է, եւ հակառակ անոր որ միջազգային ընտանիքը հրապարակաւ զինադադարի այդ խախտումներուն ճիշդ գնահատականը չի տար, սակայն յստակ է, որ այդ խախտումները կատարողը Ազրպէյճանն է, ուրեմն ան կը փորձէ այս ձեւով արդարանալ: Այս առումով` ճիշդ է, որ միջազգային ընտանիքը իրաւարար չէ, սակայն որոշակի պատասխանատուութիւն ստանձնած է եւ պէտք է դէպքերուն ճիշդ գնահատականը տայ: