Հայ Դատի Դէպի Մեքսիքա Նաւապտոյտը՝ Հոկտեմբեր 17-19ին

ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Կազմակերպութեամբ Հայ Դատի յանձնախումբի Արհեստավարժներու ցանցին (ANC-PN), Հոկտեմբեր 17-19ի շաբաթավերջը տեղի պիտի ունենայ դէպի Մեքսիքայի Էնսինատա քաղաքը նաւապտոյտ մը, որ ընկերային հաճելի հաւաք մը ըլլալու կողքին՝ առիթ պիտի հանդիսանայ իրարու ծանօթացնելու զանազան մարզերու հայ արհեստավարժներ։
«Փրինսես» ընկերութեան զբօսանաւուն վրայ կայանալիք «DestiNation-2014» նաւապտոյտի մասնակցութեան համար կան տարբեր սակեր, որոնք կը սկսին 349 տոլարէն։
Տեղեր ապահովելու համար, դիմել՝ Info@ANCADestination.com հասցէին։