Զուիցերիոյ դէմ Փերինչեքի գործով ՄԻԵԴ-ի վճիռի մասին

ARF-Logo-contours

«Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարանին 17 դեկտեմբերի վճիռը դատապարելի է, որովհետեւ դուռ կը բանայ ատելութեան տարածումի առջեւ՝ “կարծիքի ազատութեան” քօղին տակ եւ կարելի է ինքնին համարել Հայկական ցեղասպանութեան ժխտողականութեան տխրահռչակ օրինակ։ Այն փաստը, որ դատակազմը միաձայնութեամբ չէ առած որոշումը, կը հաստատէ, թէ իրաւականօրէն տեղ կայ առաջ շարժելու՝ փոխելու համար այս վճիռը։ Անհրաժեշտ է լարել մեր ուժերը այդ ուղղութեամբ»։

ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ Դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակ