ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինը երէկ լիբանանեան լրատուամիջոցներուն հաղորդագրութիւն մը յղելով մտահոգութիւն յայտնեց Իսրայէլի եւ Իրանի միջեւ տագնապի լոյսին տակ Ազրպէյճանի` Հայաստանի Հանրապետութեան Սիւնիքի մարզին ուղղուած հետզհետէ աճ արձանագրող սպառնալիքներուն հանդէպ:
Հայ դատի մարմինը նշեց, որ ներկայ աշխարհաքաղաքական անկայունութեան աճը Ազրպէյճանի կողմէ Հայաստանի գերիշխանութեան նկատմամբ թշնամական քայլերու հաւանականութեան յաւելեալ վտանգ ստեղծեց:
Հայ դատի մարմինը յայտնեց, որ Իսրայէլի եւ Իրանի միջեւ շարունակուող թշնամական արարքները կը բարդացնեն Հարաւային Կովկասի մէջ անվտանգութեան կացութիւնը, եւ Ազրպէյճանի թշնամական դիրքորոշումները կը ստեղծեն այն մտավախութիւնը, որ Հայաստան կրնայ շրջանային վերադասաւորումներու պատրուակով թիրախի վերածուիլ, ուստի միջազգային ընտանիքը պէտք է հիմա գործէ` զսպելու համար Ազրպէյճանի կողմէ զինուորական հաւանական որեւէ սադրանք:
Հայ դատի մարմինը ԵԱՀԿ-ի անդամներուն, մասնաւորաբար ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի անդամներուն, ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին, մասնաւորաբար անոր մնայուն անդամներուն, Եւրոպական Միութեան եւ Հայաստանի դաշնակից պետութիւններուն կոչ ուղղեց` Ազրպէյճանին արգիլելու միջազգային տագնապները շահագործել` իրագործելու համար Հայաստանի Հանրապետութեան նկատմամբ իր ծաւալապաշտական ախորժակները:
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինը յայտարարեց, որ կը վերահաստատէ Հայաստանի գերիշխանութիւնը պաշտպանելու իր անսասան յանձնառութիւնը, եւ միջազգային կազմակերպութիւններուն, աշխարհի ղեկավարներուն կոչ կ՛ուղղէ` գիտակցելու կացութեան լրջութեան եւ անյապաղ ձեռնարկելու Հարաւային Կովկասի մէջ խաղաղութիւնն ու կայունութիւնը պահպանելու քայլերու: