Արցախի ցեղասպանութիւնն ու Պաքուի մէջ անօրէն կերպով պահուող հայ գերիներուն տագնապը անգամ մը եւս քննուեցաւ, այս անգամ Քոնկրեսի «Թամ Լանթոս» Մարդկային իրաւանց յանձնաժողովին մէջ, քոնկրէսական Քրիս Սմիթի գլխաւորած նիստին ընթացքին։
Քննարկումներուն ընթացքին շեշտուեցաւ Արցախի բնիկ հայութեան վերադարձը ապահովելու, Պաքուի դէմ պատժամիջոցներ որդեգրելու, հայ գերիներուն ազատ արձակումը ապահովելու եւ Ատրպէյճանին տրամադրուող ամերիկեան աջակցութիւնները անյապաղ կասեցնելու կարեւորութիւնը։Իր խօսքին մէջ, Սմիթ շեշտեց, թէ պէտք է յաւելեալ ճնշում բանեցուի Պաքուի վրայ, ապահովելու համար հայ գերիներուն ազատ արձակումը, ինչպէս նաեւ Արցախի հայ մշակութային ժառանգութեան պահպանումը եւ Արցախի հայութեան վերադարձը։

Արցախի նախկին պետական նախարար եւ մարդկային իրաւանց պաշտպան Արտակ Բեգլարեան Արցախի ցեղասպանութեան մասին մանրամասնութիւններ ներկայացուց՝ շեշտելով, որ ատրպէյճանական արշաւը հիմնուած է հայութեան դէմ ատելութիւն սերմանելու՝ Պաքուի երկար տարիներու քաղաքականութեան վրայ։
Իր կարգին, Արցախի նախկին պետական նախարար Ռուբէն Վարդանեանի փաստաբան Ճերըտ Կենսըր լուսարձակի տակ առաւ Պաքուի մէջ պահուող հայ գերիներուն կացութիւնը՝ շեշտելով, որ գերիները Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի բռնատիրութեան խորհրդանիշները կը հանդիսանան։
Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի գործադիր վարիչ Արամ Համբարեան ողջունեց այս նախաձեռնութիւնը՝ յոյժ կարեւոր նկատելով այն իրողութիւնը, որ քննարկումներուն ընթացքին շեշտուեցաւ խօսքէն գործի անցնելու հրատապութիւնը։
Քոնկրէսին Մէջ Արցախի Եւ Հայ Գերիներու Տագնապի Քննարկում – Hairenik Weekly Newspaper