ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Լիբանանեան Լրատուամիջոցներուն Փոխանցեց Արցախի Շրջափակման Վերաբերեալ Ականաւոր Ցեղասպանագէտներու Դիրքորոշումները

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինը երէկ լիբանանեան լրատուամիջոցներուն յղեց հետեւեալ հաղորդագրութիւնը.

«Տարբեր երկիրներէ ականաւոր ցեղասպանագէտներ բաց նամակ մը յղած են ՄԱԿ-ի Ընդհանուր քարտուղարին, Մարդու իրաւունքներու գերագոյն յանձնակատարին եւ Ցեղասպանութեան կանխարգիլման հարցերով ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի յատուկ խորհրդականին ու Ապահովութեան խորհուրդի անդամ պետութիւններուն` Արցախի (Լեռնային Ղարաբաղ) Հանրապետութեան մէջ ցեղասպանութեան կարելիութեան վերաբերեալ:

«Միջազգային օրէնքի ականաւոր մասնագէտ, Միջազգային քրէական դատարանի նախկին դատաւոր, Հարվըրտ եւ Եէյլ համալսարաններու դասախօս Լուիս Մորենօ Օքամփօ իր կարգին մասնագիտական տեսակէտ հրապարակեց` ընդառաջելով Արցախի (Լեռնային Ղարաբաղ) նախագահի դիմումին` եզրակացնելով, որ Արցախի ազրպէյճանական շրջափակումը իսկութեան մէջ ցեղասպանութիւն է:

«Օքամփօ իր զեկուցումին մէջ նշեց. «Արցախ անունով ծանօթ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ 120 հազար հայերու դէմ շարունակուող հաւաքական ցեղասպանութիւն կայ: Ազրպէյճանական ապահովական ուժերուն կողմէ Լաչինի դէմ հաստատուած շրջափակումը, որ սնունդի, բժշկական եւ այլ անհրաժեշտ ապրանքներու  մատակարարումը կը խոչընդոտէ, ցեղասպանութեան մասին հռչակագիրի 2(գ) յօդուածին համաձայն, ցեղասպանութիւն է»: