ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Ողջունեց Նետերլանտներու Արտաքին Գործոց Նախարարի Կեցուածքներն Ու Կառավարութեան Ջանքերը

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինը երէկ Լիբանանի մէջ Նետերլանտներու դեսպան Հանց Փիթըր վան տեր Վուտէի յղեց նամակ մը, որուն մէջ ողջունեց Նետերլանտներու արտաքին գործոց նախարար Վոփքէ Հուքսթրայի կողմէ նետերլանտցի երեսփոխաններու Նետերլանտներու եւ Ազրպէյճանի ղեկավարներու հանդիպումին վերաբերեալ հարցումներուն ի պատասխան արտայայտած կեցուածքները, ինչպէս նաեւ նետերլանտական կառավարութեան ջանքերը Բերձորի միջանցքի վերաբացման համար, ինչ որ վերջ պիտի տայ Արցախի Հանրապետութեան մէջ 12 դեկտեմբեր 2022-էն ի վեր սկսած եւ հետզհետէ խորացող մարդասիրական ճգնաժամին:

Նետերլանտական դիւանագիտութեան պետը յայտնած էր, որ երկրի վարչապետ Մարք Ռութէ հանդիպումի ընթացքին շեշտած է, որ Լեռնային Ղարաբաղի քաղաքային բնակչութիւնը պէտք չէ քաղաքական կացութեան զոհ դառնայ, եւ կարեւոր նկատած է Բերձորի միջանցքի ապաշրջափակումը` ի կատարումն 2020 թուականի եռակողմ համաձայնութեան:

Նետերլանտներու արտաքին գործոց նախարարը ըսած էր, որ իր երկիրը Եւրոպական Միութեան եւ Եւրոպական խորհուրդին հետ կ՛աշխատի Բերձորի միջանցքի ապաշրջափակման նպատակով` նշելով նաեւ, որ Ազրպէյճանը վատ կը կատարէ Մարդկային իրաւանց եւրոպական դատարանի վճիռները:

Հուքսթրա նաեւ շեշտած էր Ազրպէյճանի կողմէ Հայաստանի տարածքի բռնագրաւման փաստը` ընդգծելով, որ Եւրոպական Միութիւնը Ազրպէյճանին կոչ կ՛ուղղէ` վերադառնալու մինչեւ 12 սեպտեմբեր 2022-ի սահմանները:

Հայ դատի մարմինը դեսպանին ուշադրութեան յանձնեց, որ ազրպէյճանական բռնատիրութիւնը ոչ միայն Մարդկային իրաւանց եւրոպական դատարանի որոշումները չի կատարեր, այլ նաեւ Միջազգային դատարանին, եւ անուղղակի կերպով կը կիրարկէ բռնի տեղահանման քաղաքականութիւն մը` ոտնահարելով Ցեղասպանութեան կանխարգիլման միջազգային ուխտը:

Մարմինը նշեց, որ առաւել մտահոգիչ է վերջին օրերուն Ազրպէյճանի կողմէ բռնի ուժի կիրարկումն ու յաւելեալ մահաբեր յարձակումներ շղթայազերծելու սպառնալիքները, «որոնք Արցախի բնիկ հայ ժողովուրդի տոկունութեան ու վերապրելու եւ ազատ ըլլալու ուժեղ կամքին ի տես անհամբերութեան նշան են»:

«Նետերլանտական կառավարութեան կոչ կ՛ուղղենք` դատապարտելու չհրահրուած յարձակումներն ու բռնի ուժի կիրարկումը, ինչպէս նաեւ աւելի ուժեղ կերպով շարունակելու իր ջանքերը` 2020-ի եռակողմ համաձայնութեան եւ Մարդկային իրաւանց եւրոպական դատարանի ու Միջազգային դատարանի վճիռներուն համահունչ կերպով Բերձորի Միջանցքի ճամբով ազատ ու անվտանգ երթեւեկի ապահովման համար», եզրափակեց ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինը: