ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Կոչ Ուղղեց Դատապարտելու Հայ Գերիներու Գնդակահարումը Եւ Հաշուետուութեան Ենթարկելու Պատասխանատուները

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինը երէկ Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Եոաննա Վրոնեցքային յղեց նամակ մը, որուն մէջ անոր ուշադրութեան հրաւիրեց 2 հոկտեմբերին ազրպէյճանական թելեկրամեան ալիքներու կողմէ շրջանառութեան մէջ դրուած հայ պատերազմական գերիներու գնդակահարութեան տեսանիւթը:

Հայ դատի մարմինը նշեց, որ Հայաստանի Հանրապետութեան գերիշխան տարածքին վրայ Ազրպէյճանի` 13 սեպտեմբերին շղթայազերծած չհրահրուած յարձակումի ընթացքին 4 հայ կին զինուորներու դէմ պատերազմական ոճիր գործուած ու տեսագրուած էր:

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինը ընդգծեց, որ այդ արարքները Ժընեւի ուխտի յստակ խախտում են, եւ ՄԱԿ-ի Ընդհանուր քարտուղարին, միջազգային ընտանիքին եւ մարդկային իրաւանց միջազգային կազմակերպութիւններուն կոչ ուղղեց` «յստակ ու աներկբայելի կերպով դատապարտելու այդ քստմնելի եւ բարբարոսական արարքները, որոնք անմիջական արդիւնքն են ազրպէյճանական իշխանութիւններուն հակահայ քաղաքականութեան ու հռետորաբանութեան, եւ հաշուետուութեան ենթարկելու այդ արարքներու պատասխանատուները»:

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինը նաեւ այս առնչութեամբ հաղորդագրութիւն մը յղեց լիբանանեան լրատուամիջոցներուն: