Զսպել Ազրպէյճանական Բռնատիրութիւնը Եւ Տէր Կանգնել Միջազգային Օրէնքին

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Միջազգային Ընտանիքին Կոչ Ուղղեց Զսպելու Ազրպէյճանական Բռնատիրութիւնը Եւ Տէր Կանգնելու Միջազգային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինը երէկ լիբանանեան լրատուամիջոցներուն յղեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ անդրադարձաւ Ազրպէյճանի բանակին կողմէ Հայաստանի գերիշխանական տարածքին դէմ 13 սեպտեմբերին շղթայազերծուած յարձակումին:

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինը դատապարտեց Հայաստանի գերիշխանական հողերուն դէմ թուրք-ազրպէյճանական անարդարանալի յարձակումը, որ ցոյց կու տայ խաղաղութեան ու կայունութեան նկատմամբ նախանձախնդրութեան մասին անոնց պնդումներուն կեղծ ըլլալը, եւ միջազգային ընտանիքին կոչ կ’ուղղէ զսպելու ազրպէյճանական բռնատիրութիւնը եւ տէր կանգնելու միջազգային օրէնքին: