ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Յոյս Յայտնեց, Որ Հնդկաստան Կը Զօրակցի Արցախի Ինքնորոշման Իրաւունքին

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինը 15 օգոստոսին Հնդկաստանի անկախութեան 75-ամեակին առիթով շնորհաւորական նամակ մը յղեց Լիբանանի մէջ Հնդկաստանի դեսպան դոկտ. Սուհել Աժազ Խանին:

Հայ դատի մարմինը իր նամակին մէջ նշեց. «Այս փառաւոր տօնը կու գայ ընդգծելու ժողովուրդներու ինքնորոշման իրաւունքի կարեւորութիւնը: Այսօր այդ նոյն իրաւունքը կը զլացուի Արցախի Հանրապետութեան հայ ժողովուրդին: Այդ պատճառով, Արցախի խաղաղասէր ժողովուրդը ազրպէյճանական բռնատիրութեան կողմէ գոյութենական վտանգ կը դիմագրաւէ: Մեր յոյսն է, որ Հնդկաստանը` իբրեւ աշխարհի մեծագոյն ժողովրդավար երկիրը, պիտի զօրակցի Արցախի ինքնորոշման իրաւունքին»:

Նշենք, որ ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինը երէկ նաեւ Եգիպտոսի Կիզա նահանգի Ըմպապա շրջանին մէջ ղպտի եկեղեցւոյ մէջ ծագած հրդեհին վերաբերեալ Լիբանանի մէջ Եգիպտոսի դեսպան դոկտ. Եասեր Ալաուիին յղեց նամակ մը, որուն մէջ Եգիպտոսի նկատմամբ կարեկցանք ու արձանագրուած զոհերուն համար ցաւակցութիւն յայտնեց եւ վիրաւորներուն շուտափոյթ ապաքինում մաղթեց: