ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Դատապարտեց Ազրպէյճանի Եւ Հիւսիսային Կիպրոսի Միջեւ Յարաբերութիւններու Բնականոնացումը

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինը երէկ Լիբանանի մէջ Կիպրոսի Հանրապետութեան դեսպան Փանայոթիս Քիրիաքուին յղեց նամակ մը, որուն մէջ նշեց.

«9 օգոստոսին Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ Քոնիայի մէջ, Իսլամական համերաշխութեան 5-րդ խաղերու ընթացքին ընդունեց Կիպրոսի բռնագրաւուած հիւսիսային շրջանի ապօրինի եւ Անգարայի աջակցութիւնը վայելող ղեկավար Էրսին Թաթարը` այդպիսով օրինականացնելով շրջանի զինուորական բռնագրաւումը: Երկու կողմերը շեշտեցին «թրքական աշխարհի ժողովուրդներու պատմական կապերու հիմամբ յարաբերութիւնները ընդլայնելու կարեւորութիւնը»:

«Քայլ մը, որ անակնկալ մը չէր, որովհետեւ ազրպէյճանական բռնատիրութիւնը ինքնին 2020 թուականէն ի վեր ժողովրդավար Արցախի Հանրապետութենէն լայն տարածքներ բռնագրաւած է եւ կը շարունակէ ցեղային մաքրագործման իր քաղաքականութիւնը, ճիշդ ինչպէս Թուրքիան 1974-ին կատարած է հիւսիսային Կիպրոսի մէջ:

«ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինը բուռն կերպով կը դատապարտէ Ալիեւի արարքը եւ իր համերաշխութիւնն ու ուժեղ զօրակցութիւնը կը յայտնէ Կիպրոսի կառավարութեան եւ ժողովուրդին»: