ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Իր Զօրակցութիւնը Յայտնեց Կիպրոսի Եւ Անոր Ժողովուրդի Իրաւունքներու Վերականգնման Պայքարին

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինը երէկ Թուրքիոյ կողմէ Կիպրոս ներխուժման 48-ամեակին առիթով Լիբանանի մէջ Կիպրոսի դեսպան Փանայոթիս Քիրիաքուին յղեց նամակ մը, որուն մէջ դատապարտեց Թուրքիոյ կողմէ Կիպրոսի դէմ գործուած ոճիրը եւ կղզիի մէկ երրորդին, ներառեալ Նիկոսիոյ մէջ հայկական պատմական թաղամասերը եւ Փենթատաքթիլոս լեռնաշղթային վրայ գտնուող Ս. Մակար վանքը, շարունակուող բռնագրաւումը:

Մարմինը դեսպան Քիրիաքուին յայտնեց, որ կը կանգնի Կիպրոսի կառավարութեան ու եղբայրական ժողովուրդին իրաւունքներու վերատիրացման համար մղած արդար պայքարի կողքին: