Հանդիպում Արցախի ԱԺ նախագահի եւ Կիպրոսի իշխող ՏԻՍԻ կուսակցութեան ղեկավարութեան հետ

Ուրբաթ՝ Մայիս 27-ին, Արցախի Հանրապետութեան Ազգային Ժողովի նախագահ Արթուր Թովմասեանը եւ Կիպրոս գտնուող իր պատուիրկութիւնը հանդիպում մը ունեցաւ Կիպրոսի իշխող ՏԻՍԻ կուսակցութեան նախագահ Ավերոֆ Նէօֆիտուի եւ Փոխ նախագահ Խարիս Ղէօրկեատիսին հետ կուսակցութեան կեդրոնի մէջ:

Հանդիպման կը մասնակցէին նաեւ Արցախի Ազգային Ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավար եւ Արցախի ՀՅԴ Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչ ընկեր Արթուր Մոսիեանը, Արցախի Հանրապետութեան Արտաքին Գործերու նախարարի տեղակալ Արմինէ Ալեքսանեանը, Ազգային Ժողովի նախագահի խորհրդական Կարէն Վանեանը, ՀՅԴ Կիպրոսի Կոմիտէի ներկայացուցիչ Սիմոն Այնէճեանը եւ Հայ Դատի Յանձնախումբի ատենապետ Յակոբ Գազանճեանը։