Սուրիոյ Հայ Դատի Կեդրոնական Յանձնախումբի բողոք Նամակ

Սուրիոյ Հայ Դատի կեդրոնական յանձնախումբը իր մտահոգութիւնն ու զայրոյթը կը յայտնէ, Հայրենիքի մէջ կատարուած վերջին իրադարձութիւններու նկատմամբ:
Վերջին շրջանին Հ.Հ. Վարչապետի՝ Նիկոլ Փաշինեանի վարած թրքամէտ ու ազգաթափ քաղաքականութիւնը, պատճառ դարձաւ հայրենաբնակ ժողովուրդի մօտ ստեղծելու պոռթկում եւ անհանդուրժողական մօտեցում, քանզի այդպիսի վերաբերմունք կրնայ պատճառ դառնայ հայրենիքի կործանման եւ հայկական պետականութեան տկարացման,
առ այդ՝ հայ ժողովուրդը գիտակցելով ժամանակի օրհասականութեան, ճամբայ իջաւ ցոյցեր կազմակերպելով , պայքարելու եւ փրկելու հայրենիքը թրքականացումէ եւ ձուլումէ:
Սակայն իշխանութիւնները ոստիկանութեան միջոցաւ խաղաղ ցուցարարներուն նկատմամբ կիրարկեցին վայրագ միջոցներ՝ որոնք կ’ոտնակոխէն մարդկանց իրաւունքներուն միջազգային օրէնքը, նաեւ կ’արձանագրէ նահանջ արդարութեան եւ ժողովրդավարութեան ծիրերէն ներս:
Մեկնելով սոյն իրողութենէն՝ Սուրիոյ Հայ Դատի Կեդրոնական Յանձնախումբը՝ խստօրէն կը դատապարտէ Հ.Հ. իշխանութիւներուն ոստիկանութեան կիրարկած անմարդկային արարքը խաղաղ ցուցարարներուն եւ մեր հայրենակիցներուն նկատմամբ

Սուրիոյ Հայ Դատի կեդրոնական յանձնախումբը իր մտահոգութիւնն ու զայրոյթը կը յայտնէ, Հայրենիքի մէջ կատարուած վերջին իրադարձութիւններու նկատմամբ:
Վերջին շրջանին Հ.Հ. Վարչապետի՝ Նիկոլ Փաշինեանի վարած թրքամէտ ու ազգաթափ քաղաքականութիւնը, պատճառ դարձաւ հայրենաբնակ ժողովուրդի մօտ ստեղծելու պոռթկում եւ անհանդուրժողական մօտեցում, քանզի այդպիսի վերաբերմունք կրնայ պատճառ դառնայ հայրենիքի կործանման եւ հայկական պետականութեան տկարացման,
առ այդ՝ հայ ժողովուրդը գիտակցելով ժամանակի օրհասականութեան, ճամբայ իջաւ ցոյցեր կազմակերպելով , պայքարելու եւ փրկելու հայրենիքը թրքականացումէ եւ ձուլումէ:
Սակայն իշխանութիւնները ոստիկանութեան միջոցաւ խաղաղ ցուցարարներուն նկատմամբ կիրարկեցին վայրագ միջոցներ՝ որոնք կ’ոտնակոխէն մարդկանց իրաւունքներուն միջազգային օրէնքը, նաեւ կ’արձանագրէ նահանջ արդարութեան եւ ժողովրդավարութեան ծիրերէն ներս:
Մեկնելով սոյն իրողութենէն՝ Սուրիոյ Հայ Դատի Կեդրոնական Յանձնախումբը՝ խստօրէն կը դատապարտէ Հ.Հ. իշխանութիւներուն ոստիկանութեան կիրարկած անմարդկային արարքը խաղաղ ցուցարարներուն եւ մեր հայրենակիցներուն նկատմամբ։

Սուրիոյ Հայ Դատի Կեդրոնական Յանձնախումբ