Պէյրութի Ամերիկեան Դեսպանատունը Եւս Կ՛արձագանգէ

Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանատան դիմատետրեան էջին վրայ երէկ տեղ յատկացուեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան 107-ամեակի անդրադարձին:

Պէյրութի ամերիկեան դեսպանատան կողմէ կայքին վրայ տեղադրուեցան Միացեալ Նահանգներու դեսպան Տորըթի Շիայի գրառումն ու լուսանկարները` եւ ձեռքերուն մէջ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի խորհրդանիշ անմոռուկը:

Շիայի կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան նշումին արձագանգումը եղաւ հետեւեալ գրառումով. «107 տարի առաջ, 24 ապրիլ 1915-ին, օսմանեան իշխանութիւնները Պոլսոյ մէջ սկսան ձերբակալել հայ մտաւորականներն ու ղեկավարները: Մէկ տարուան ընթացքին օսմանեան իշխանութիւնները բռնագաղթի ենթարկեցին հայ բնակչութիւնը եւ սպաննեցին մէկուկէս միլիոն հայեր: Այդ սպանդը Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընի կողմէ կոչուեցաւ հաւաքական ցեղասպանութիւն… Հայոց ողբերգական պատմութիւնը յիշելով հանդերձ, մենք կ՛ողջունենք նաեւ անոնց ունեցած ներդրումը` ո՛չ միայն մեր զոյգ երկիրներուն մէջ, այլ նաեւ որեւէ տեղ, ուր հայկական սփիւռք գոյութիւն ունի»: