ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Արցախի Մէջ Վերջին Զարգացումներուն Հարցով Կապ Հաստատեց Լիբանանի Մէջ Շարք Մը Դեսպանատուներու Հետ

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինը անցնող օրերուն Արցախի մէջ արձանագրուող վերջին զարգացումներուն հարցով կապ հաստատեց ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահող երկիրներու եւ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի անդամ երկիրներու դեսպանատուներու հետ:

Միացեալ Նահանգներ

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինը ուրբաթ, 25 մարտին կապ հաստատեց Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանատան անձնակազմին հետ` անդրադառնալով Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան Եւրոպական եւ եւրասիական հարցերու գրասենեակին «Թուիթըր»-ի վրայ կատարած գրառումին, որուն մէջ կը նշուէր. «Միացեալ Նահանգները խորապէս մտահոգ են կազի մատակարարման ընդհատումներուն եւ Ազրպէյճանի զօրքերու տեղաշարժին առնչութեամբ»:

Հայ դատի մարմինը իր գնահատանքը արտայայտեց գրառման առաջին բաժինին առնչութեամբ` նշելով, որ անիկա Արցախի տագնապին վերաբերեալ հազուադէպ յայտարարութիւններէն է, ուր յանցագործը յստակօրէն նշուած է, եւ նախայարձակն ու անոր զոհը նոյն նժարին վրայ չեն դրուած: «Բայց եւ այնպէս, թուիթըրեան գրառումին 2-րդ կէսը կ՛առաջարկէ դարման մը, որ Միացեալ Նահանգներու ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահութեան անդամ ըլլալու կարգավիճակին համահունչ չէ եւ մտահոգիչ է, որովհետեւ այն տպաւորութիւնը կը ստեղծէ, թէ յղուած պատգամը հետեւեալն է. «Յարձակողն ու պաշտպանուողը իրենց խնդիրները իրենք իրենց միջեւ պէտք է լուծեն»: Ատոր հետեւանքը կռահելու կարիք չկայ», յայտնեց Հայ դատի մարմինը:

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինը Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանատան անձնակազմէն խնդրեց իր գնահատանքն ու խոր մտահոգութիւնը արտայայտել Միացեալ Նահանգներու իշխանութիւններուն:

Ռուսիա

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինը ուրբաթ, 25 մարտին Լիբանանի մէջ Ռուսիոյ դեսպան Ալեքսանտր Ռուտաքովին յղեց նամակ մը, որուն մէջ անդրադարձաւ Արցախի մէջ 24 մարտին արձանագրուած զարգացումներուն եւ անոնց ու Արցախի կազի մատակարարման խափանման վերաբերեալ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովայի նոյն օրը կատարած յայտարարութեան:

Հայ դատի մարմինը նշեց. «Ազրպէյճանական կողմը Ուքրանիոյ մէջ կացութիւնը կը շահագործէ եւ յարձակողական քայլեր կը կատարէ Արցախի այն շրջաններուն դէմ, որոնց անվտանգութեան երաշխաւորները ռուսական խաղաղապահ զօրքերն են, Ազրպէյճան այդ քայլերը կը կատարէ այդ ուժի վճռականութիւնը փորձելու եւ զայն հեղինակազերծելու համար: Խիստ յայտարարութիւններու եւ գետնի վրայ վճռական քայլերու բացակայութիւնը անխուսափելիօրէն աւելի յանդուգն պիտի դարձնեն ազրպէյճանական կողմը:

«Ուստի, ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինը յարձակողն ու անոր զոհը հաւասարապէս մեղադրող այսպիսի յայտարարութիւնները կը նկատէ մտահոգիչ, որովհետեւ Պաքուն հաստատօրէն զանոնք պիտի ընկալէ իբրեւ տկարութեան նշան եւ «կանաչ լոյս» մը` շարունակելու իր յարձակողական եւ անարդարանալի քայլերը»:

Ֆրանսա

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինը շաբաթ, 26 մարտին Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Անն Կրիոյին յղեց նամակ մը, որուն մէջ անդրադարձաւ Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարութեան ուրբաթ, 25 մարտին հրապարակած յայտարարութեան, որ կը վերաբերէր ազրպէյճանական բանակին կողմէ Արցախի Հանրապետութեան Փառուխ եւ Խրամորթ շրջաններուն մէջ յառաջխաղացքին եւ Արցախի կազի մատակարարման խափանման:

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինը իր խոր գնահատանքը արտայայտեց Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարութեան յայտարարութեան եւ զայն նկատեց «Արցախի տագնապին վերաբերեալ այն հազուադէպ յայտարարութիւններէն մէկը, ուր յարձակողն ու անոր զոհը նոյն նժարին վրայ չեն դրուած: Եթէ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահները իրենց յայտարարութիւնները այս ոճով կատարած ըլլային, ներկայ կացութեան մէջ պիտի չգտնուէին: Դժբախտաբար, համանախագահները տարիներու ընթացքին կատարեցին այնպիսի յայտարարութիւններ, որոնք աւելի յանդուգն դարձուցին Ազրպէյճանը եւ անոր կողմէ ընկալուեցան իբրեւ «կանաչ լոյս» մը` շարունակելու իր յարձակումները:

«Այժմ չափազանց կարեւոր է, որ այս ոճի յայտարարութիւններ հրապարակուին, եւ ազրպէյճանական բռնատիրութեան վրայ ճնշում բանեցուի, որպէսզի վերադառնայ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահութեան հովանիին տակ բանակցութիւններու` որոնելու համար Արցախի տագնապին համար լուծում մը, որ հիմնուած ըլլայ Հելսինքեան վերջնական հռչակագիրին վրայ»:

Նորվեկիա, Իրլանտա, Մեքսիքա, Հնդկաստան Եւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինը նաեւ Լիբանանի մէջ Նորվեկիոյ, Մեքսիքայի, Հնդկաստանի, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու դեսպաններուն եւ Լիբանանի մէջ Իրլանտայի պատուոյ հիւպատոսին յղեց նամակներ, որոնց մէջ անդրադարձաւ կլիմայական վատ պայմաններու մէջ Արցախի կազի մատակարարման խափանման ստեղծած մարդասիրական կացութեան եւ ազրպէյճանական բանակին շղթայազերծած գործողութիւններուն, «որոնք միջազգային ընտանիքի խաղաղութեան հաստատման նախաձեռնութիւնները խանգարելու եւ զինուորական յարձակողական ուժի կիրարկումով հայ ժողովուրդը իր ինքնորոշման իրաւունքէն հրաժարիլ ստիպելու նպատակը կը հետապնդեն»:

Հայ դատի մարմինը նաեւ նշեց, որ ազրպէյճանական ուժերը ներկայիս մեծ ճնշում կը բանեցնեն Հայաստանի Հանրապետութեան Սիւնիքի մարզին եւ երկրի արեւմտեան սահմանին վրայ գտնուող Երասխ շրջանին վրայ` փորձելով Հայաստանի հարաւային շրջանները անջատել երկրին մնացեալ մասէն:

«ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինը ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի անդամներուն ու ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահող երկիրներուն հրատապ կոչ կ՛ուղղէ` պէտք եղած շօշափելի քայլերը որդեգրելու Ազրպէյճանի եւ Թուրքիոյ կողմէ հակահայ քաղաքականութեան եւ սպառնալիքներու անմիջական դադրեցումը եւ Հայաստանի Հանրապետութեան ու Արցախի մէջ հայ ազգի քաղաքական, ընկերային ու մարդու իրաւունքներու իրականացման համար պէտք եղած երաշխիքները ապահովելու համար:

«Միայն այս գոյութենական հիմնական տարրերու ապահովումէն ետք է, որ պատշաճ պայմաններ պիտի ստեղծուին վերականգնելու ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահութեան հովանիին տակ բանակցութիւնները, որոնց նպատակը շրջանին մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Արցախի ժողովուրդին շարունակական ձգտումը եղող երկարատեւ խաղաղութեան հաստատումը, զարգացումն ու բարգաւաճումն է»:

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինը յառաջիկայ օրերուն պիտի շարունակէ այս հարցերով իր հաղորդակցութիւնները:

aztagdaily.com