ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Ողջունեց Արցախի Մշակութային Ժառանգութեան Ոչնչացումը Դատապարտող Բանաձեւի Որդեգրումը

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինը երէկ Լիբանանի մէջ Եւրոպական Միութեան դեսպան Ռալֆ Թրաֆին յղեց նամակ մը` ողջունելով Եւրոպական խորհրդարանին կողմէ ճնշող մեծամասնութեամբ որդեգրուած բանաձեւը, որ բուռն կերպով կը դատապարտէր Ազրպէյճանի կողմէ Արցախի մէջ մշակութային ժառանգութեան ոչնչացման քաղաքականութիւնը:

Հայ դատի մարմինը Եւրոպական յանձնաժողովին կոչ ուղղեց` դատապարտելու Պաքուի յարձակողապաշտ ու ծաւալապաշտ քաղաքականութիւնը եւ Ազրպէյճանի բռնատիրական վարչակարգին կոչ ուղղելու` հրաժարելու Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքներուն նկատմամբ ախորժակներէն եւ դադրեցնելու այդ ուղղութեամբ սադրանքները, ինչպէս նաեւ վերադառնալու ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահութեան հովանաւորութեամբ Լեռնային Ղարաբաղի հարցի խաղաղ լուծման հոլովոյթին:

Մարմինը նաեւ դատապարտեց ազրպէյճանական բռնագրաւող ուժերուն կողմէ Արցախի Հանրապետութեան մէջ խաղաղ հայ հողագործներու, անոնց անասուններու, հողագործութեան մեքենաներու շարունակուող թիրախաւորումը, ինչպէս նաեւ Արցախին բնական կազ մատակարարող խողովակաշարին դէմ խափանարարական արարքը, եւ զանոնք նկատեց Արցախի բնիկ ժողովուրդը իր պատմական հողերէն վտարելու պետական յստակ քաղաքականութեան ծիրին մէջ գործադրուած արարքներ:

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինը երէկ նաեւ լիբանանեան լրատուամիջոցներուն յղեց հաղորդագրութիւն մը` ողջունելով Եւրոպական խորհրդարանին կողմէ յանդուգն բանաձեւի որդեգրումը եւ զայն նկատելով ճշմարտութեան, մշակութասէր ու քաղաքակիրթ մարդկութեան յաղթանակը:

Նշենք, որ Լիբանանի Հայ դատի մարմինը չորեքշաբթի օր բանաձեւի որդեգրումէն ժամեր առաջ լիբանանեան լրատուամիջոցներուն յղած էր հաղորդագրութիւն մը` ողջունելով եւ ճիշդ ուղղութեամբ քայլ մը նկատելով Ազրպէյճանի կողմէ Արցախի Հանրապետութեան մշակութային ժառանգութեան ոչնչացումը դատապարտող բանաձեւի նախագիծին շրջանառութեան մէջ դրուիլը:

aztagdaily.com