Հայ Դատը Կը Զօրակցի Թուրքիոյ F-16 Ռազմական Օդանաւեր Ծախելու Ծրագիրը Կասեցնելու Ջանքերուն

Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը հաղորդէ, թէ կը համագործակցի յունական, քրտական, միջին արեւելեան, հնդկական եւ քրիստոնէական շարք մը կազմակերպութիւններու հետ, յաջողութեամբ պսակելու համար Թուրքիոյ F-16 ռազմական օդանաւեր ծախելու ծրագիրը կասեցնելու համար քոնկրեսական ջանքերուն։

Թուրքիոյ F-16 ռազմական օդանաւերու արդիականացուած տարբերակները ծախելու անպատասխանատու նախաձեռնութեան դէմ դնելու քոնկրեսական աշխատանքը կ՛առաջնորդուի Քոնկրեսի Հայկական համախմբումի համաատենապետ Ֆրենք Փալոնի եւ Յունական համախմբումի համաատենապետ Կասի Պիլիրաքիսի կողմէ։

Անգարա կ՛ուզէ նաեւ իր ունեցած F-16 օդանաւերը արդիականացնելու սարքեր գնել Ամերիկայէն։

Քոնկրեսականները այս նպատակով արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքընին եւ պաշտպանութեան նախարար Լոյտ Օսթընին յղած են նամակ մը, որուն մէջ կը շեշտուի, որ նման վաճառք մը աւելի անզսպելի պիտի դարձնէ շրջանը ապակայունացնող Անգարայի միջամտութիւնները, յիշեցնելով, որ Անգարա շարունակաբար կ՛արհամարհէ ՆԱԹՕի օրէնքները։ Իբրեւ օրինակ նշուած են Սուրիոյ, Իրաքի եւ Արցախի մէջ Թուրքիոյ ապօրինի գործողութիւնները։

Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի գործադիր վարիչ Արամ Համբարեան այս աշխատանքին համար շնորհակալութիւն յայտնեց Քոնկրեսի Հայկական եւ Յունական համախմբումներուն։

http://yerakouyn.com/2022/01/27/%d5%b0%d5%a1%d5%b5-%d5%a4%d5%a1%d5%bf%d5%a8-%d5%af%d5%a8-%d5%a6%d6%85%d6%80%d5%a1%d5%af%d6%81%d5%ab-%d5%a9%d5%b8%d6%82%d6%80%d6%84%d5%ab%d5%b8%d5%b5-f-16-%d5%bc%d5%a1%d5%a6%d5%b4%d5%a1%d5%af%d5%a1/?fbclid=IwAR0aXegBNN_GqX4oLUK0U03xM7_ksSaI0I-648HF2t99Vlvh_l-_6lT8yYI