ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Ուիլսընի Իրաւարար Վճիռի Տարեդարձին Առիթով Նամակ Մը Յղեց Լիբանանի Մէջ Միացեալ Նահանգներու Դեսպանին

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինը 22 նոյեմբերին Միացեալ Նահանգներու նախագահ Վուտրօ Ուիլսընի իրաւարար վճիռի տարեդարձին առիթով Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Տորըթի Շիային յղեց նամակ մը, որուն մէջ 22 նոյեմբեր 1920-ին հրապարակուած վճիռին պատմական հանգամանքները եւ Սեւրի դաշնագիրի ճակատագիրը նշելէ ետք յայտնեց. «Թէեւ յաջորդող դէպքերը  արգելք հանդիսացան իրաւարար վճիռի գործադրութեան, սակայն հոլովոյթը նախադէպ մըն է եւ ինքնին փաստ մը, թէ լուսաւորեալ միջազգային դիւանագիտութիւն մը ինչպէ՛ս կրնայ ժողովուրդի խաղաղ կեանքի իրաւունքը ամրապնդել եւ միջազգային ու շրջանային տագնապներու լուծման մէջ զինուորական յարձակումներու դէմ յաղթանակ արձանագրել` հիմնուելով գործնական որոշումի կայացման վրայ` փոխան անտարբեր քաղաքականութիւններու, որոնք միայն կը վատթարացնեն տագնապները` զանոնք վերածելով միջազգային ընտանիքին գլխուն վրայ կախուած Դամոկլեան սուրի»:

«ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինը միշտ ջատագովը եղած է միջազգային քաղաքականութիւններու, որոնց նպատակը ազգամիջեան տագնապները ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքի հիմամբ լուծելն է` հիմնուելով անոնց պատմական, ազգային, տնտեսական ու ժողովրդագրական իրաւունքներուն վրայ, եւ կը մաղթենք ու կը հաւատանք, որ Միացեալ Նահանգներու ներկայ վարչակազմը պիտի որդեգրէ անհրաժեշտ քաջարի քայլերը` վերջ տալու համար Ազրպէյճանի եւ անոր հովանաւոր Թուրքիոյ Հայաստանի ու Արցախի հանրապետութիւններուն եւ անոնց խաղաղասէր բնիկ ժողովուրդին վրայ շարունակուող յարձակումներուն, ինչպէս նաեւ ամրապնդելու հայ ազգի աւելի լայն ու համապարփակ իրաւունքները` նախագահ Ուիլսընի սկզբունքներն ու գործունէութիւնը ունենալով իբրեւ միջազգային դիւանագիտութեան լաւապէս փաստուած ուղեցոյց», եզրափակեց Հայ դատի մարմինը: