ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Կը Շնորհաւորէ ՀՅԴ Արցախի Հայ Դատի Գրասենեակի Բացումը

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինը կը շնորհաւորէ ՀՅԴ Արցախի Հայ դատի գրասենեակի բացումը, որ նշանակալից կերպով կը զուգադիպէր Արցախի Հանրապետութեան անկախութեան օրուան եւ կու գայ ընդգծելու յանուն գոյութեան, ինքնորոշման իրաւունքի, խաղաղութեան եւ բարգաւաճման պայքարելու վճռակամութիւնը: Լիբանանի Հայ դատի մարմինը Արցախի անկախութեան 30-ամեակին առիթով կը շնորհաւորէ նորաբաց գրասենեակը եւ յաջողութիւն կը մաղթէ անոր աշխատանքներուն:

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինը կը հաւատայ, որ Արցախի Հայ դատի գրասենեակին հետ գործակցաբար պիտի կարենայ աւելի ազդու կերպով պայքարիլ յանուն Արցախի անկախութեան եւ ինքնորոշման իրաւունքի ճանաչման, հայ ռազմագերիներու վերադարձի, Արցախի Հանրապետութեան բարօրութեան ու տարածքային ամբողջականութեան վերականգնման, ինչպէս նաեւ ընդդէմ բռնագրաւեալ տարածքներուն մէջ իրագործուող մշակութային ցեղասպանութեան:

aztagdaily.com