Յունաստանի Ա.Գ. նախարարի նամակը Հայ դատի յանձնախումբին՝ յոյն դեսպանի Շուշի այցելութեան համար

Ինչ­պէս ար­դէն հա­ղոր­դած էինք ո­րոշ ժա­մա­նակ ա­ռաջ, Հ.Յ.Դ. Յու­նաս­տա­նի Հայ դա­տի յանձ­նա­խում­բը 12 Յու­լի­սին նա­մակ մը ու­ղար­կած էր Յու­նաս­տա­նի ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Նի­քոս Տեն­տիա­սին, ո­րուն մէջ կը յայտ­նէր յու­նա­հա­յու­թեան զար­մանքն ու ընդվ­զու­մը Ատր­պէյ­ճա­նի մէջ Յու­նաս­տա­նի դես­պան Նի­քո­լաոս Փի­փե­րի­կո­սի այ­ցե­լու­թեան հա­մար ատր­պէյ­ճա­նա­կան ու­ժե­րէն բռնագրա­ւո­ւած Շու­շի, որ տե­ղի ու­նե­ցաւ մաս­նակ­ցու­թեամբ մեծ թի­ւով հա­ւա­տար­մագ­րո­ւած օ­տար դես­պան­նե­րու եւ մի­ջազ­գա­յին կազ­մա­կեր­պու­թեանց ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րու։ Օ­րին, յոյն դես­պա­նի մաս­նակ­ցու­թիւ­նը Ա­լիե­ւի կող­մէ բե­մադ­րո­ւած խեղ­կա­տա­կու­թեան, ինչ­պէս նաեւ Հայ դա­տի յանձ­նա­խում­բի նա­մա­կը բո­ղո­քի բուռն ա­լիք բարձ­րա­ցու­ցին յու­նա­կան հա­սա­րա­կու­թեան եւ քա­ղա­քա­կան շրջա­նակ­նե­րուն մօտ, քննա­դա­տե­լով յոյն դի­ւա­նա­գէ­տի ա­նըն­դու­նե­լի մաս­նակ­ցու­թիւ­նը «հա­յե­րու դէմ ատր­պէյ­ճա­նա­կան յաղ­թա­նա­կի տօ­նախմ­բու­թիւն­նե­րուն»։

Պա­տաս­խա­նե­լով յու­նա­հայ գա­ղու­թի ա­նու­նով ղրկո­ւած ընդվ­զու­մի նա­մա­կին, Յու­նաս­տա­նի ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Նի­քոս Տեն­տիաս հե­տե­ւեալ նա­մա­կը ղրկեց Հայ դա­տի յանձ­նա­խում­բին։

«­Նախ եւ ա­ռաջ, շնոր­հա­կա­լու­թիւն կը յայտ­նեմ ձեր 12 Յու­լիս 2021 թո­ւա­կիր նա­մա­կին հա­մար։ Յու­նաս­տա­նի Հայ դա­տի յանձ­նա­խում­բը, զոր ժրա­ջան կեր­պով կը ներ­կա­յաց­նէք, Հա­յաս­տա­նի յոյն հա­մայն­քին հետ միաս­նա­բար կը հան­դի­սա­նայ յա­ւեր­ժա­կան բա­րե­կա­մու­թեան կա­մուրջ Յու­նաս­տա­նի եւ Հա­յաս­տա­նի ժո­ղո­վուրդ­նե­րուն մի­ջեւ։ Տե­ղեակ էք, որ Յու­նաս­տա­նը կը պա­հէ եր­կա­րա­մեայ գե­րա­զանց պատ­մա­կան եւ բա­րե­կա­մա­կան կա­պեր Հա­յաս­տա­նի հետ։ Հա­յաս­տա­նի հա­մար դժո­ւար ժա­մա­նակ­նե­րուն, Յու­նաս­տան կանգ­նե­ցաւ երկ­րին եւ ա­նոր ժո­ղո­վուր­դի կող­քին։ Ես ան­ձամբ՝ 16 Հոկ­տեմ­բեր 2020-ին, այ­ցե­լե­ցի Ե­րե­ւան՝ փո­խան­ցե­լով զօ­րակ­ցու­թեան ու­ղերձ, այն ժա­մա­նա­կին, երբ պա­տե­րազ­մա­կան գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րը ծա­ւա­լած էին Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի տա­րած­քին։ նաեւ, ըն­դա­ռա­ջե­լով մեր երկ­րին մէջ գոր­ծող հայ­կա­կան կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րու դի­մու­մին, Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րու­թեան Մի­ջազ­գա­յին զար­գաց­ման սպա­սար­կու­թեան հա­մադ­րու­մով, Յու­նաս­տան ի­րա­գոր­ծեց մար­դա­սի­րա­կան եր­կու ա­ռա­քե­լու­թիւն­ներ (ա­ռող­ջա­պա­հա­կան մի­ջոց­ներ եւ սնունդ)՝ ո­րոնք կա­տա­րուե­ցան 12 Դեկ­տեմ­բեր 2020-ին եւ 8 Յու­նո­ւար 2021-ին, ցոյց տա­լով գործ­նա­կան ա­ջակ­ցու­թիւն եւ զօ­րակ­ցու­թիւն։

Նոյն պա­հուն, ինչ­պէս ծա­նօթ է, 1992-էն Յու­նաս­տան դի­ւա­նա­գի­տա­կան կա­պեր կը պա­հէ Ատր­պէյ­ճա­նի հետ։ 2020-ի աշ­նան ըն­թաց­քին երկ­կող­մա­նի յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու տագ­նա­պէն ետք, Յու­նաս­տա­նի դես­պա­նը այ­լեւս վե­րա­դար­ձած է Պա­քու, ուր իր պա­տաս­խա­նա­տո­ւու­թիւն­նե­րու ծի­րէն ներս կա­պեր կը պա­հէ հա­ւա­տար­մագ­րո­ւած երկ­րին հետ եւ մօ­տէն կը հե­տե­ւի տե­ղա­կան զար­գա­ցում­նե­րուն։ Նաեւ, նկա­տի առ­նե­լով մեր երկ­րի Եւ­րո­պա­կան Միու­թեան ան­դամ ըլ­լա­լու հան­գա­ման­քը, դես­պա­նու­թիւ­նը իր գոր­ծու­նէու­թիւ­նը կը հա­մադ­րէ մեր գոր­ծըն­կեր­նե­րուն հետ միաս­նա­բար։ Այս պատ­ճա­ռով ալ, յոյն դես­պա­նին կող­մէ ատր­պէյ­ճա­նա­կան ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րու­թեան հրա­ւէ­րին ըն­դու­նու­մը — նման հրա­ւէր­նե­րու վեց շա­րու­նա­կան մեր­ժում­նե­րէն ետք, ո­րոնք ար­դէն ըն­դու­նե­լի դար­ձած էին եւ­րո­պա­կան այլ դես­պա­նու­թիւն­նե­րէ — ո­րե­ւէ մէկ պա­րա­գա­յին կա­րե­լի չէ ըն­դու­նիլ որ­պէս հիւ­րըն­կա­լող երկ­րի տե­սա­կէտ­նե­րու որ­դեգ­րում կամ ա­րարք­նե­րու ճա­նա­չում, մա­նա­ւանդ՝ «մաս­նակ­ցու­թիւն տօ­նա­կա­տա­րու­թիւն­նե­րու»։ Այն տե­ղի ու­նե­ցաւ հա­մադ­րու­թեամբ ան­դամ-եր­կիր­նե­րուն, նպա­տակ ու­նե­նա­լով տեղ­ւոյն վրայ դի­տար­կե­լու եւ ար­ձա­նագ­րե­լու ե­ղե­լու­թիւն­նե­րը՝ ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րու­թեան ճշգրիտ տե­ղե­կա­տո­ւու­թիւն փո­խան­ցե­լու հա­մար։

Կը շա­րու­նա­կենք կանգ­նիլ ձեր կող­քին, մեր մի­ջեւ հաս­տա­տո­ւած սերտ գոր­ծակ­ցու­թեան ծի­րէն ներս։

Յար­գան­քով,
Ն. Տեն­տիաս»


ՀՅԴ Հայ դատի Հունաստանի հանձնախումբ