ՀՅԴ Յունաստանի Հայ Դատի Յանձնախումբին Հանդիպումը Յոյն Երեսփոխանին Հետ

6 յուլիսին ՀՅԴ Յունաստանի Հայ դատի յանձնախումբի գրասենեակը այցելեց եւ յանձնախումբի պատուիրակութեան հետ տեսակցութիւն ունեցաւ «Փանտիօ» համալսարանի միջազգային յարաբերութիւններու դասախօս եւ յունական խորհրդարանի   երեսփոխան փրոֆ. Տիմիթրիս Քերիտիս:

Զրոյցը կեդրոնացաւ Արցախի 44-օրեայ պատերազմին ու անոր հետեւանքներուն վրայ, ինչպէս նաեւ արծարծուեցան հայ-յունական հասարակաց խնդիրներն ու երկու ժողովուրդներու վրայ թրքական յարձակողականութեան վտանգները: Հանդիպումէն ետք, յոյն երեսփոխանը Դիմատետրի իր էջին վրայ անդրադարձաւ հանդիպումին` նշելով, թէ արցախեան վերջին պատերազմին Յունաստան զօրավիգ կանգնեցաւ Հայաստանին, դատապարտելով թրքական եւ ազրպէյճանական վարչակարգերու յարձակողապաշտ արարքները:

«Հնամեայ պատմութիւն ունեցող հայ ժողովուրդը, որուն հետ դարաւոր կապեր կը պահենք, անգամ մը եւս արմատախիլ եղաւ իր օճախներէն: Կովկասի մէջ ծայր առած վերջին պատերազմէն` Յունաստան պարտի իր եզրակացութիւնները հանել: Թրքական յարձակողականութեան դիմաց որեւէ անհոգութիւն ներելի չի կրնար ըլլալ», յայտնեց յոյն երեսփոխանը: