Օրենճ Քաունթիի Հայութիւնը Գործնականօրէն Նեցուկ Կանգնեցաւ Հայ Դատի Թելեթոնին

ՓԱՍԱՏԻՆԱ.- Յունիս 1ին կայացած Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի հիմնադրամին ի նպաստ պատկերասփիւռային դրամահաւաքի նախօրեակին, Օրենճ Քաունթի ապրող Հայ Դատի յանձնախումբի համակիրները առիթն ունեցան գործնականապէս իրենց օժանդակութիւնը մատուցելու թելեթոնի աշխատանքներուն՝ ի մի գալով տէր եւ տիկին Հրաչ եւ Արազ Ղազարեաններու Հանթինկթըն Պիչի բնակարանին մէջ:
Ղազարեանները սիրայօժար կերպով իրենց բնակարանը տրամադրած էին թելեթոնին ի նպաստ հաւաքներու շարքին մաս կազմող սոյն հաւաքին՝ հրաւիրելով համայնքի ղեկավարներն ու Հայ Դատի ջատագովները, ներառեալ՝ բարերարներ տէր եւ տիկին Պետիկ եւ Մերի Ֆերմանեանները, որոնք յատկապէս երիտասարդական ծրագիրներու նեցուկ կանգնած են եւ ստանձնած այս տարուան ՀՄԸՄի 39րդ Նաւասարդեան խաղերու պատուոյ նախագահութիւնը:
«Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի թելեթոնը շատ լաւ առիթ մը եղաւ դարձեալ իրարու քով հաւաքելու հին բարեկամներ ու նոր համակիրներ, որպէսզի աւելի ազդու կերպով պաշտպանենք մեր Դատը, որ մօտ է մեր բոլորի սիրտերուն», յայտարարած է Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետ Քեն Խաչիկեան՝ աւելցնելով. «Հրաչ եւ Արազ Ղազարեանները առատաձեռն կերպով զօրակցեցան մեր ջանքերուն՝ ամերիկահայերը քաղաքականօրէն աւելի աշխոյժ դարձնելու աշխատանքը իրենց նախապատուութիւնը դարձուցած շատ մը այլ հայորդիներու նման»:
Ձեռնարկին ընթացքին ելոյթ ունեցած է թելեթոնի յանձնախումբի ատենապետ Սթիւ Արթինեանը, յատուկ շնորհակալութիւն յայտնելով Հայ Դատին ի նպաստ Ֆերմանեաններու նուիրատուութեան համար եւ նշելով, թէ անոնք օրինակելի հայեր են, որոնք իրենց այս քայլերով նեցուկ կը կանգնին հայ երիտասարդութեան մարզական եւ քաղաքական զարգացման, ըլլայ այդ մէկը ՀՄԸՄի ճամբով, կամ՝ Հայ Դատի, որ մայրաքաղաք Ուաշինկթընի մէջ քաղաքական ղեկավարման դիրքերու համար կը պատրաստէ հայութեան նոր սերունդները:
Հանթինկթըն Պիչի ձեռնարկին ներկայ եղած են Հայ Դատի տեղական, շրջանային ու ազգային մակարդակի ղեկավարներ, ինչպէս նաեւ Հարաւային Քալիֆորնիոյ տարածքէն շարք մը հայկական կազմակերպութեանց ներկայացուցիչներ ու հայորդիներ:
Այս հաւաքը մաս կը կազմէր Միացեալ Նահանգներու տարածքին տեղի ունեցած թելեթոնին ի նպաստ աւելի քան երկվեցեակ մը ձեռնարկներու, որոնց նպատակն էր առաւելագոյնս արդիւնաւորել դրամահաւաքի աշխատանքը, որուն գլխաւոր նպատակն էր աւելի ազդու դարձնել Հայ Դատի եւ հայութեան ի նպաստ կատարուած քաղաքական աշխատանքները:
Արիզոնայի, Քալիֆորնիոյ, Իլինոյի, Մերիլենտի, Միշիկընի, Նիւ Ճըրզիի, Նիւ Եորքի, Ռոտ Այլընտի, Վըրճինիայի ու մայրաքաղաք Ուաշինկթընի մէջ ուղղակի եթերով պատկերասփռուելու կողքին, թելեթոնը ուղղակի սփռուեցաւ նաեւ համացանցէն՝ աւելի քան 2 միլիոն տոլար ապահովելով Հայ Դատի ապագայ գործունէութեան համար: