Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Հայ Դատի Յանձնախումբի հանդիպումներ

Երկուշաբթի 19 Մայիսի երեկոյեան ժամերուն, Հ.Յ.Դ. Հայ Դատի Յանձնախումբի կեդրոնատեղիէն ներս, հանդիպում տեղի ունեցաւ Նոր Հանրապետութիւն կուսակցութեան եւրոերեսփոխանուհի եւ դարձեալ եւրոընտրութիւններու թեկնածու՝ տիկին Ռոտի Քրացայի հետ:

Հ.Յ.Դ. Յանձնախումբի պատուիրակութիւնը կը բաղկանար ընկերներ Դաւիթ Պետրոսեանէ եւ Յակոբ Աւագեանէ:
Ջերմ մթնոլորտի մէջ կայացած հանդիպման ընթացքին տիկին Քրացա տեղեակ պահեց յանձնախումբի անդամները, որպէս եւրոխորհրդարանի անդամ իր ստանձնած նախաձեռնութիւններու եւ գործունէութեան մասին:
Երկրորդ հանդիպում մըն ալ կայացաւ ԱՆ.ԵԼ («Անկախ յոյներ», Ανεξάρτητοι Έλ­λ­η­ν­ες) կուսակցութեան եւրոընտրութիւններու թեկնածու պատմագէտ, պաշտպանութեան հարցերու վերլուծաբան Սթաւրոս Քարքալեցիսի հետ: Պրն. Քարքալեցիս միշտ զօրաւոր դիրքերէ հանդէս եկած է կիպրական եւ յունական պահանջատիրական հարցերու նկատմամբ: Ան քաջ տեղեակ է հայկական հարցերու հոլովոյթի եւ արդար պահանջատիրութեան հարցերուն շուրջ: Յունաստանի եւրոպական եւ միջազգային վերլուծաբանական կեդրոնի (ԷԼ.ՔԷ.ՏԱ) նախագահն է եւ կÿաշխատակցի յունական defencenet կայքէջի եւ «Սթրաթիղիքի» ամսագրի:

Հ.Յ.Դ. Յանձնախումբի ընկերները երկու թեկնածուներուն հետ իրենց զրոյցներուն ընթացքին լայն տեղեկութիւններ փոխանցեցին հայութիւնը եւ յունահայ գաղութը յուզող հարցերուն շուրջ: