«Բարբարոսութիւնը արգիլուած է»

(ԱԶԱՏ ՕՐ) «Բարբարոսութիւնը արգիլուած է» խորագրով Աթէնքի Լրագրողներու միութեան մէջ անցեալ Շաբաթ 17 Մայիսի երեկոյեան, տեղի ունեցաւ ցեղասպանութեան ժխտման քրէականացման հարցին նուիրուած խորհրդաժողով մը, ուր դասախօսութեամբ հանդէս եկան Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան-ինսթիթութի տնօրէն, պատմաբան Հայկ Դեմոյեանը, ռազմական խորհրդատու եւ վերլուծաբան Նիքոս Լիղերոս եւ Ցեղասպանութիւններու Միջազգային Ակադեմիոյ անդամ տոքթ. Վասիլիոս Մէյխանեցիտիս:

Ներկայ գտնուեցաւ Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Հայ Դատի Յանձնախումբը, պոնտական եւ ասորական միութիւններու ներկայացուցիչներ, լրագրողներ: Ներկայ էր նաեւ Յունաստանի մօտ ՀՀ դեսպանորդ պրն. Մինաս Մարտիկեան:
Ողջոյնի խօսքով հանդէս եկաւ Հ.Յ.Դ. Հայ Դատի Յանձնախումբի անդամ ընկ. Արաքսի Աբէլեան-Գոլանեան, որ հետագային ստանձնեց նաեւ տոքթ. Հայկ Դեմոյեանի դասախօսութեան յունարէնի թարգմանութիւնը:
Կազմակերպիչ մարմնոյ կողմէ խօսք առաւ պոնտոսցիներու միութեան նախագահ Եորղոս Վարիթիմիատիս եւ ողջոյնի խօսք մըն ալ ուղղեց Յունաստանի ասորիներու միութեան նախագահ Քիրիաքոս Պացարաս:
Կլոր սեղանի զրոյցին ընթացքին երեք դասախօսները հանգամանօրէն քննարկեցին Հայոց, Յոյներու եւ Ասորիներու ցեղասպանութեանց իրողութիւնը, Քեմալական Թուրքիոյ յանցագործութեան դրդապատճառները, ցեղասպանութեան ճանաչման պայքարի հանգրուանները, ապագայի թիրախները:
Տոքթ. Մէյխանեցիտիս հետաքրքրական վերլուծում մը կատարեց Օսմանեան Թուրքիոյ մէջ ապրող յոյներու կարգավիճակին, անդրադառնալով պատմական անճշդութիւններու եւ թիւրիմացութիւններու, որ յատկանշեցին տուեալ ժամանակաշրջանը: Նոյնպէս, տոքթ. Նիքոս Լիղերոս, ճանաչման գործընթացը կապեց յանցագործութեան սրբագրումի եւ անոր հետեւանքներու՝ այսինքն հատուցման ու ճանաչման ընդհանուր շրջագիծին:
Տոքթ. Դեմոյեան խօսեցաւ երեք ցեղասպանութիւններու հաւաքական յուշի մասին, նշելով որ յուշը պահպանելու անհրաժեշտութիւնը՝ սգալու ու դատապարտելու անհրաժեշտութենէն չի բխիր միայն, այլ ապագայ ցեղասպանութիւններու կանխարգիլման ի նպաստ կը գործեն համամարդկային ճանաչում ապահովելու միասնական ջանքերը: Մանաւանդ՝ եթէ հաշուի առնենք այսօրուայ Թուրքիոյ իշխանութիւններու յարձակողապաշտ քաղաքականութիւնը: Յիշողութիւնը կենդանի պահպանելէ անդին, հարցը երկրիրներու անվտանգութեան հետ անմիջականօրէն կապակցուած է:
Տոքթ. Դեմոյեանի դիրքորոշումները շատ մեծ հետաքրքրութեամբ եւ խանդավառութեամբ ընդունուեցան ներկաներուն կողմէ, որոնք յաւելեալ հարցումներով եւ նշումներով զարգացուցին զրոյցը: