Հայ Դատին Համար

Ամէն անգամ, երբ ազգային կամ համայնքային խնդիրի մը առջեւ կանգնինք, մեր հայեացքները կ՛ուղղուին դէպի Հայ Դատի յանձնախումբ՝ անկէ սպասելով լուծումներ, քայլեր, կարգադրութիւններ:
Յանձնախումբն ալ միշտ պատրաստ եղած է իր ամբողջ կարելիութեամբ մեր դիմաց ծառացած բոլոր խնդիրները լուծել փորձելու, սակայն միշտ չէ որ յաջողած է:
Մեր իրականութեան հետեւողներուն համար պարզ պէտք է ըլլայ, որ վերջին շրջանին յաջողութիւնները շա՛տ աւելի կը գերակշռեն, քան ձախողութիւնները: Օրէ օր, տարիէ տարի, այս կառոյցը կը զօրանայ, կ՛ամրանայ՝ իր հասողութիւնը տարածելով Ամերիկայի գրեթէ ամբողջ քարտէսին վրայ, մերթ ազդելով, մերթ հակազդելով քաղաքական բոլոր մակարդակներու շրջանակներուն վրայ, քարոզելով, ջատագովելով Հայ Դատը, չէզոքացնելով մեր համայնքին կամ հայրենիքին ուղղուած հարուածները:
Հայ Դատի յանձնախումբի յաջողութիւնը մե՛րն է, մերն է նաեւ անոր ձախողումները, որոնց հիմնական պատճառը ո՛չ մասնագիտական անպատրաստուածութիւնն է, ո՛չ ալ նուիրումի պակասը, այլ միայն ու միայն՝ միջոցներու անբաւարարութիւնը:
Յունիս մէկին, հնարաւորութիւն ունինք այդ կարելիութիւնները բազմապատկելու: Մեր հաւաքական թասիպի, պատուախնդրութեան հարցը պէտք է դարձնենք Հայ Դատի հանգանակային արշաւի յաջողութիւնը:
Այո՛, երկամեայ պարբերականութեամբ կազմակերպուող անցեալի հանգանակային թելեթոններէն դժգոհելու պատճառ չունինք: Ժողովուրդը լիաբուռն ընդառաջած է: Անցեալին ցուցաբերուած այս խանդավառ վերաբերմունքն է, որ Հայ Դատի աշխատողները, պատասխանատուները լիայոյս կը դարձնէ, թէ ա՛յս տարի եւս հանգանակուած գումարներու նոր մրցանիշ մը պիտի ապահովուի:
Եկէ՛ք միասնաբար այդ ակնկալութիւնը իրականութիւն դարձնենք՝ Յունիս մէկին:

ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
ԱՍՊԱՐԵԶ