Հակառակ Տիրող Քաղաքական- Ապահովական Ծանր Պայմաններուն Հալէպի Մէջ Կը Շարունակուին Հայ Դատի Հետապնդման Աշխատանքները

Հալէպի լրատուական գրասենեակը կը հաղորդէ, որ Սուրիոյ մէջ Հայ դատի հետապնդման աշխատանքները 2014-ին նոր հանգրուան թեւակոխեցին:

Աւանդական ոգեկոչական կեդրոնական ձեռնարկներուն կողքին, շարք մը այլ կարեւոր նախաձեռնութիւններ իրականացան եւ կը շարունակուին իրագործուիլ:

Գլխաւոր նախաձեռնութիւնը 24 ապրիլ 2014ին, Սուրիոյ խորհրդարանին մէջ կատարուած քննարկումն էր, որուն ընթացքին դատապարտուեցաւ 1915-ին Օսմանեան կայսրութեան կողմէ իրագործուած Հայոց ցեղասպանութիւնը:

Խորհրդարանը դրուատանքով արտայայտուեցաւ Սուրիոյ հայ քաղաքացիներու բարեհամբաւ վաստակին եւ ստեղծագործ աշխատանքին մասին:

Երկրորդ նախաձեռնութիւնը տեղի ունեցաւ Պաաս կուսակցութեան հովանաւորութեամբ չորեքշաբթի, 23 ապրիլ 2014-ի կէսօրուան ժամը 12:00-ին, Հալէպի «Թըշրին» մշակութային սրահին մէջ: Ձեռնարկը զեկուցում եւ զրոյց էր «Օսմանցիներու գործադրած ցեղասպանութիւնները պատմութեան ընթացքին» բնաբանով:

Ձեռնարկին ներկայ էին Հալէպի նահանգապետը, Պաաս կուսակցութեան կուսակցապետը, քաղաքապետը, մշակութային կեդրոնի տնօրէնը, նահանգային խորհուրդի նախագահը, Պաաս կուսակցութեան Հալէպի պատասխանատու մարմինի անդամները, բազմաթիւ արհեստակցական միութիւններու վարչութիւններու նախագահներ կամ ներկայացուցիչներ եւ Սուրիոյ հայ աւետարանական համայնքի համայնքապետ վեր. Յարութիւն Սելիմեան:

Զեկուցաբերներն էին` Պաաս կուսակցութեան Հալէպի պատասխանատու մարմինի անդամ Մահեր Մուաքքէ, փաստաբան Մարիա Գաբրիէլեան եւ լրագրող ու ուսումնասիրող Սալբի Գասպարեան:

Պաաս կուսակցութեան ներկայացուցիչը իր զեկուցումին մէջ անդրադարձաւ Օսմանեան Կայսրութեան կողմէ գործուած ոճիրներուն` առանձնապէս նշելով Հայոց ցեղասպանութիւնը: Ան անդրադարձաւ թուրք ժողովուրդին եւ Օսմանեան Կայսրութեան ղեկավարութեան միջեւ գոյութիւն ունեցող տարբերութիւններուն` կոչ ուղղելով բոլորին միահամուռ ճիգերով դիմագրաւելու Սուրիոյ տագնապը, որուն գլխաւոր մեղսակիցներէն է Թուրքիոյ ներկայ կառավարութիւնը:

Սալբի Գասպարեան հանգամանօրէն ներկայացուց թուրք այլախոհներու կեցուածքը Հայոց ցեղասպանութեան առնչութեամբ, յատկապէս մէջբերելով թուրք այլախոհ պատմաբան Թաներ Աքչամի ուսումնասիրութիւններէն բաժիններ: Ան լուսարձակի տակ առաւ նաեւ թուրք կառավարութեան խտրական քաղաքականութիւնը:

Մարիա Գաբրիէլեան ներկայացուց Հայ դատի իրաւական հիմքերը` միջազգային դաշնագիրներու եւ համաձայնագիրներու առանցքներով: Ան շեշտադրեց պահանջատիրական հոլովոյթի գլխաւոր տուեալներու առկայութիւնը` իբրեւ հիմք Հայ դատի հետապնդման աշխատանքներուն: Ապա լուսարձակի տակ առաւ Թուրքիոյ կողմէ ցեղասպանութեան ճանաչման, վնասուց հատուցման եւ հայկական հողերու վերատիրացման Հայ դատի գլխաւոր սկզբունքները:

Զեկուցումներէն ետք տեղի ունեցաւ զրոյց եւ պատմաքաղաքական հարցերու քննարկում:

Երրորդ նախաձեռնութիւնը կը հովանաւորէր Պաաս կուսակցութեան Հալէպի պետական համալսարանի մարմինը: Ձեռնարկի կազմակերպումը յանձնուած էր Հալէպի պետական համալսարանի մշակութային-լրատուական գրասենեակին եւ Համալսարանի ուսանողական միութեան:

Ձեռնարկը զեկուցական հանդիպում էր, որ կազմակերպուեցաւ 24 ապրիլ 2014-ին, Հալէպի պետական համալսարանի բժշկական ճիւղի կեդրոնական լսարանին մէջ:

Ձեռնարկին ներկայ էին Սուրիոյ հայ երեք համայնքապետները, Բերիոյ թեմի Ազգային վարչութեան անդամները, Պաաս կուսակցութեան Հալէպի պետական համալսարանի մարմինի ներկայացուցիչն ու անդամները, Հալէպի պետական զանազան մարմիններէ ներկայացուցիչներ, համալսարանի դասախօսներ եւ մեծաթիւ ուսանողներ:

Ձեռնարկին հետեւեալ զեկուցումները ներկայացուեցան.

ա.- Հայոց ցեղասպանութեան իրագործման պատմական տուեալները, որոնք մատուցուեցան ճարտարագիտական համալսարանի դասախօս Արտեմ Չիրիշեանի կողմէ:

բ.- Հայ դատի պահանջատիրական աշխատանքի իրաւական հետապնդումը, զոր ներկայացուց փաստաբան Մարիա Գաբրիէլեան:

գ.- Հայոց ցեղասպանութիւնը թուրք այլախոհներու ուսումնասիրութիւններուն մէջ, սոյն նիւթը ներկայացուց լրագրող Սալբի Գասպարեան:

Եզրափակիչ խօսքով հանդէս եկաւ Սուրիոյ Հայ աւետարանական համայնքի համայնքապետ վերապատուելի Յարութիւն Սելիմեան, որ ներկայացուց Հայ դատի հետապնդման աշխատանքները` շեշտը դնելով միջազգային օրէնքներու համաձայն Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման աշխատանքներուն վրայ:

Վերոնշեալ երկու ձեռնարկներէն ետք, տեղի ունեցան նոյն նիւթերով ցուցահանդէսներու բացումներ, կազմակերպուած` միեւնոյն մարմիններուն կողմէ: