ՈՒՐՈՒԿՈՒԱՅԻ ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԸ ՅԱՐԳԱՆՔԻ ՏՈՒՐՔ ՄԱՏՈՒՑԵՑ ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՅԻՇԱՏԱԿԻՆ

Կազմակերպութեամբ Օրէնսդիր Մարմնի եւ ՀՅԴ Հայ Դատի Յանձնախումբին, 13-րդ տարին ըլլալով Ծերակոյի նախասրահին մէջ, կատարուեցաւ ոգեկոչման ձեռնարկ, որուն ներկայ գտնուեցան մեծ թիւով թէ պետական եւ թէ դիւանագիտական անձեր, որոնց մէջ էին ՀՅԴի Բիւրոյի անդամ ընկ. Մարիօ Նալպանտեան եւ Հարաային Ամերիկայի ՀՅԴ ԿԿի ներկայացուցիչ ընկ. Խաչիկ Տէր Ղուկասեանը, զբօսաշրջիկութեան նախարար Լիլեան Քէշիշեանը, մշակոյթի փոխ նախարար Փրոֆ. Օսգար Կոմէզը, ինչպէս նաեւ հոծ բազմութիւն մը։ Առաջին խօսք առնողը եղաւ Ուրուկուայի խորհրդարանի նախագահ Անիպալ Բէռէյրան եւ կուսակցութիւններու պատգամաւորներ, որոնք ներկայացուած են խորհըրդարանէն ներս։

Բոլոր խօսք առնողներն ալ, նախ իրենց անվերապահ զօրակցութիւնը եւ համագործակցութիւնը յայտնելէ ետք Հայ Դատին, պատմական ակնարկ մը նետեցին 1915-ի դէպքէրուն եւ անոնց պատճառած ահաւոր արդիւնքին, որուն իբրեւ զոհ մէկ ու կէս միլիոն անմեղ հայեր վայրագօրէն սպանդի ենթարկուեցան, թուրք պետութեան կողմէ։ Կարծիք յայտնեցին նաեւ այդ օրերու հզօր պետութիւններու քաղաքական շահերուն եւ ի վնաս հայութեան իրենց ունեցած դերի մասին։ Բոլոր բանախօսներն ալ շեշտեցին որ, Միջազգային Ընտանիքը պատասխանատւութիւնը առնէ ստիպելու Թուրքիոյ կառավարութեան, որպէսզի ոչ միայն ճանչնայ իր գործադրած մարդկութեան դէմ եղած ոճիրը այլեւ անոր հետեւանքներու շուրջ քայլերու դիմէ, այդպիսով ճամբայ բանալով երկու երկիրներու միջեւ իրական խաղաղութեան։
Վերջաւորութեան, Ուրուկուայի ՀՅԴ Հայ Դատ Յանձնախումբի խօսքը փոխանցեց երիտասարդ տոքթ. Տանիէլ Աւետեանը։
Հայոց Ցեղասպանութեան ոգեկոչման ձեռնարկները հովանաւորեց, Ուրուկուահայ բոլոր կազմակերպութիւններու կողմէ հիմնուած 100-ամեակի Յանձնախումբը։