ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ 99-ԱՄԵԱՅ ՏԱՐԵԼԻՑԻ ՈԳԵԿՈՉՄԱՆ ՀԱՆԴԻՍՈՒԹԻՒՆ ՄՈՆԹՐԷԱԼԻ ՄԷՋ

Կիրակի, 27 Ապրիլ, 2014-ին, երեկոյեան ժամը 7:00ին, Մոնթրէալի Հայ կեդրոնի «Ա. Ահարոնեան» սրահին մէջ հոծ բազմութեամբ տեղի ունեցաւ Հայկական ցեղասպանութեան 99-ամեակի ոգեկոչման պաշտօնական հանդիսութիւնը, կազմակերպութեամբ ՀՅԴ «Մ. Փափազեան» եւ «Ս. Զէյթլեան» կոմիտէներուն եւ «Արմէն Գարօ» Ուսանողական Միութեան, ներկայութեամբ՝ գաղութիս հոգեւոր հայրերուն, Մեծն Մոնթրէալի տարածքին գործող հայ կազմակերպութեանց, պատկան մարմիններու եւ հիւպատոսական ներկայացուցիչներու, ինչպէս նաեւ Գանատայի քաղաքապետական, նահանգային եւ դաշնակցային մակարդակներով քաղաքական դէմքերու եւ ներկայացուցիչներու:

ՀՄԸՄ-ի տարազաւոր սկաուտները, Հայաստանի, Գանատայի, Քեպէգի, Մոնթրէալի եւ Լաւալի դրօշակներով ու թմբուկներով մուտք գործեցին սրահ, որմէ ետք Գանատայի եւ Հայաստանի զոյգ քայլերգները մեկնաբանեց Թամար Փանոսեան։ Ապա ցուցադրուեցաւ «Un génocide nie est un génocide repete» ժապաւէնի ցուցադրութիւնը։

Յարգելու համար յիշատակը Հայկական ցեղասպանութեան մէկ ու կէս միլիոն զոհերուն, մէկ վայրկեան յոտնկայս լռութենէ ետք, օրուան հանդիսավարը՝ Անի Արուշեան, Հայ Դատի յանձնախումբի անունով բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն եւ բացման խօսքը կատարելէ ետք յաջորդաբար բեմ հրաւիրեց St-Bruno շրջանի քաղաքապետական խորհրդական պրն. David de Cotis, Bordeaux-Cartierville շրջանի քաղաքապետական խորհրդական պրն. Յարութ Շիթիլեան, որոնք փոխանցեցին իրենց սրտի խօսքերը։

Գեղարուեստական յայտագրով ելոյթ ունեցաւ Էլի Պէրպէրեան, դաշնակի ընկերակցութեամբ Փօլ Մալախանեանի, եւ թմբկահար Մարգոյի եւ մեկնաբանեց 1915 թուականին գրուած Ernesto de Curtis-ի «Tu Ka Nun Kianye» եւ «Ատանայի կոտորածը» երգերը։

Յաջորդաբար բեմ հրաւիրուեցան Marie Victorin շրջանի Député պրն. Bernard Drainville, Saint-Laurent շրջանի Député պրն. Jean Marc Fournier. վերջինս ընթերցեց Քեպէգի վարչապետ պրն. Philippe Couillard-ի ուղարկած պատգամին, ապա փոխանցեց իր սրտի խօսքը ուղղելով յատկապէս ապագայ սերունդներուն, շարունակելու համար Ցեղասպանութեան ճանաչման պայքար։

Շարունակելով գեղարուեստական յայտագիրը ելոյթ ունեցաւ Անահիտ Պալեան, ասմունքելով Charles Baudelaire-ի «Le Flambeau Vivant» կտորը։

Յաջորդաբար բեմ հրաւիրուեցան՝ Saint-Laurent Cartierville շրջանի depute պրն. Stephan Dion, Rosemont-La Petite-Patrie շրջանի depute՝ պրն. Alexandre Boulerice, որ իր խօսքի աւարտին յուշանուէր մը յանձնեց Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբի ներկայացուցիչին եւ վերջապէս Գանատայի խորհրդարանի անդամ պրն. Jean-Guy Dagenais, որոնք հերթաբար փոխանցեցին իրենց պատգամները։

Աւարտելով քաղաքական պատգամներու բաժինը հանդիսավարը ընթերցեց Գանատայի մեծարգոյ վարչապետ պրն. Stephen Harper-ի պատգամը, ինչպէս նաեւ Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբի կողմէ անգլերէն լեզուով պատրաստուած սոյն պատգամին հետեւեալ պատասխան-նամակը։

«In 2006 the PM of Canada, Stephen Harper made a powerful statement that Canada recognized the Armenian Genocide as a matter of policy. Since then, no doubt under pressure from Turkey՚s ongoing denials campaign, that message has been influenced.

The starting point of any reconciliation must be the acceptance of the historical fact of the Armenian Genocide by al parties.

Canada՚s primary role in any pricess of bringing Armenia and Turkey toghether is by helping Turkey come to terms with its own past. Excusing Turkeys continued denial of the Armenian Genocide as point of view is unfair to Turkey, unfair to Armenia, and hurts our ability to prevent future genocides.

As we approach the 100th anniversary of the Armenian Genocide we hope that Canada stands on the right side of history and works with the people of Turkey who today increasingly question their government՚s propaganda and seek to know the truth».

Անի Արուշեան նաեւ ընթերցեց Գանատայի խորհրդարանի անդամ պրն. Jason Kenny-ի պատգամը։

Շարունակելով գեղարուեստական յայտագիրը, ցուցադրուեցաւ Հայկական ցեղասպանութեան վկայ՝ Armin T. Wagner-ի վաւերագրական ժապաւէնը։

Բեմ բարձրացաւ Մոնթրէալի Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետ պրն. Հրակ Չինչինեան եւ օրուան խորհուրդը փոխանցեց, ընդգծելով, որ տակաւին մինչեւ այսօր մարդկային անարդարութիւնը կը շարունակուի եւ Թուրքիա կը վարէ դրժումի իր քաղաքականութիւնը ու յանցագործութիւններու գործադրումը, ինչպէս Հրանդ Տինքի ոճրային արարքը, Քեսապի վրայ յարձակումները ու անգամ մը եւս կը տեղահանէ հայութիւնը իր բնակավայրերէն: «Թուրքիան դէմ յանդիման պէտք է կանգնի իր իսկ պատմութեան դիմաց, պատասխանատուութեան կանչուի իր կատարած ոճիրներուն համար ու վերջ տայ իր դրժումի քաղաքականութեան»: Ան կոչ ուղղեց բոլոր քաղաքական ներկայացուցիչներուն, որ միասնաբար աշխատելով յաղթահարեն անարդարութեան ու դրժումի քաղաքականութեան, յուսալով որ մարդկային պատմութեան մէջ երբեք չկրկնուին նման արարքներ:

Եւ վերջապէս, հանդիսավարը հակիրճ կենսագրականը ներկայացնելէ ետք բեմ հրաւիրեց օրուան պատգամաբերը, «Գոնգորտիա» համալսարանի պատմութեան բաժնի դասախօս եւ տնօրէնը մարդկային իրաւանց եւ ցեղասպանութիւններու սերտողութեան հիմնարկին պրն. Frank Chalk-ը (Ph.D., Wisconsin-Madison)։

Ցեղասպանութեան մերժումի թեմայով ան զուգահեռներ կատարեց հայկական, ուքրանական, հրէական եւ Րուանտայի ցեղասպանութիւններուն միջեւ, եզրակացնելով որ մերժումի քաղաքականութիւնը վերջին հանգրուանն է ցեղասպանութեան, նշելով որ դրժումը կը համադրէ հաւատարմութիւնը ու կապակցութիւնը այն խմբակցութեան, որուն անդամները գործադրած են Ցեղասպանութիւնը։ Պատգամի աւարտին հարցումներու առիթ տրուեցաւ։

Պատգամաբերի խօսքէն ետք հանդիսավարը շնորհակալութիւն յայտնեց հանդիսատեսներուն, իրենց անսակարկ ներկայութեան համար ու փակեց հանդիսութիւնը։

ՀՈՐԻԶՈՆ