Հայոց Ցեղասպանութեան յուշը կը յուզէ Սիրոսի յոյն ժողովուրդը

Հ. Յ. Դ. Հայ Դատի Յանձնախումբի ներկայացուցիչը մասնակցեցաւ Սիրոսի մէջ կայացած Հայոց Ցեղասպանութեան որբերու պատկանող փոքրիկ իրերու եւ լուսանկարներու ցուցադրութեան

Պատմական յուշը վերակենդանացնող կարեւոր ցուցադրութեան մը բացումը տեղի ունեցաւ Սիրոսի մէջ, ուր կը ներկայացուին թրքական պետութեան կողմէ ծրագրուած եւ իրագործուած Հայոց Ցեղասպանութենէն ետք որբացած հայ փոքրիկներու պատկանող իրեր եւ լուսանկարներ:

Քիքլատես կղզիներու մայրաքաղաք Էրմուփոլիի մէջ տեղի ունեցած կարեւոր այս ցուցադրութիւնը կազմակերպուեցաւ Սիրոսի մէջ Յունաստանի Ցամաքային Ուժերու 80-ամեակին առիթով: Ցուցադրութեան յղացումը եւ գործադրումը կը պատկանի Զինուած Ուժերու հրամանատար Տիմիթրիս Պունտալիսի եւ հնաբան Լեֆթէրիս Զորզոսի:

Պատմական այս վայրին նուիրուած նկարներու ցուցահանդէս մըն է, որ ժամանակագրական շարքով կը ներկայացնէ բազմամշակութային ժառանգութեան վայր հանդիսացող զօրանոցի պատմութիւնը՝ հայ որբերու խնամատարութեան տարիներէն, մինչեւ 1934 թուական, երբ զօրանոցի վերածուեցաւ:

Հայ Դատի Յանձնախումբի ներկայացուցիչ Խաչիկ Խաչատուրեան, լրագրող տիկին Լիանա Սքուլի-Փափիցի, Սիրոսի քաղաքապետութեան թեկնածու Անտրէաս Եալօղլու, Սիրոսի փոխ քաղաքապետ Թերեզա Տալեզիու
Հայ Դատի Յանձնախումբի ներկայացուցիչ Խաչիկ Խաչատուրեան,
լրագրող տիկին Լիանա Սքուլի-Փափիցի,
Սիրոսի քաղաքապետութեան թեկնածու Անտրէաս Եալօղլու,
Սիրոսի փոխ քաղաքապետ Թերեզա Տալեզիու

Բացման պաշտօնական արարողութեան, որ տեղի ունեցաւ անցեալ Չորեքշաբթի 23 Ապրիլին, յատուկ հրաւէրով ներկայ գտնուեցաւ Հ.Յ.Դ. Հայ Դատի Յանձնախումբի ներկայացուցիչ ընկ. Խաչիկ Խաչատուրեան: Ներկայ էին Սիրոսի քաղաքապետական եւ զինուորական ներկայացուցիչներ, որոնք յուզումով դիտեցին Հայոց Ցեղասպանութենէն վերապրած փոքրիկ հայ որբերուն պատկանող զանազան իրերը եւ լուսանկարները: Բոլոր այդ իրերը (փոքրիկ պուպրիկներ, հագուստներու կտորներ, կոճակներ, մազերու զարդեր, ինքնաշխատ խաղալիքներ, եւայլն) յատուկ խնամքով ներկայացուած են ցուցադրութեան:
Ինչպէս կը յայտնէ հնաբան Լեֆթերիս Զորզոս, Հայոց Ցեղասպանութեան յաջորդած տարիներուն, ծնողազուրկ դարձած հազարաւոր փոքրիկներէն շուրջ 2000ը պատսպարուեցան «Ամերիկեան Մերձաւոր Արեւելքի» (Near East Relief) նպաստամատոյց կազմակերպութեան կողմէ յունական Սիրոս կղզիին մէջ 1915ին հիմնուած որբանոցին մէջ:
Այս որբանոցը արժանացած էր «Միջերկրականի մեծագոյն որբանոց» տխուր տիտղոսին: Շէնքը հետագային տարբեր ձեւերով օգտագործուեցաւ, դառնալով յանցապարտ պատանիներու համար բանտ, ապա 1934էն ետք՝ զօրանոց: Նորոգումներու շրջան մըն ալ անցաւ, բայց շէնքային հիմնական կառոյցը կը մնայ նոյնը:
Ցուցադրութեան առաջին բաժնին մէջ ժամանակագրական կերպով ներկայացուած են լուսանկարները: Բացատրողական գրութիւնները յունարէն եւ անգլերէն լեզուներով տեղեկութիւններ կը փոխանցեն այցելուներուն, մինչ կազմակերպողները կը ծրագրեն նաեւ հայերէնի թարգմանել անոնք, յարգանքի որպէս նուազագոյն տուրք՝ իրենց կեանքի դժուար տարիները որբանոցին մէջ անցուցած հազարաւոր հայ փոքրիկներուն, որ տարիներուն ընթացքին շաղուեցան իրենց յոյն դաստիարակներուն եւ կղզիի բնակիչներուն հետ:
Հետագային կը ծրագրուի մանրամասն գրանցումը կատարել բոլոր իրերուն, ինչպէս եւ հետազօտութիւնը շարունակել՝ Ամերիկայի մէջ «Near East Relief»ի արխիւներուն մէջ:
Հ.Յ.Դ. Հայ Դատի Յանձնախումբը շարունակական կապ պիտի պահէ Սիրոսի պատասխանատուներուն հետ, համագործակցելով եւ օժանդակելով այս աշխատանքի բոլոր հան- գըրուաններուն, որպէսզի պահպանուի պատմական յուշի վերակենդանացման ծառայող կարեւոր այս նախաձեռնութիւնը: