ԵՒՐՈՊԱՅԻ ՀԱՅ ԴԱՏԻ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲ – ԵՒՐՈՊԱՀԱՅՈՑ 3ՐԴ ՀԱՄԱԳՈՒՄԱՐ

«ՆՈՐ ՅԱՌԱՋ» – Պրիւսէլի մէջ, Հոկտեմբեր 14-15ին տեղի ունեցաւ Եւրոպայահայոց Երրորդ Համագումարը։

Առաջին օրուան ծրագիրը նախատեսուած էր քաղաքի վերանորոգ Հայ Տան մէջ, որ պրիւսէլահայութեան մշակութային կեդրոնը կը հանդիսանայ։ 200-300 հրաւիրեալներ ընդառաջած էին ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ Դատի յանձնախումբի Գրասենեակի հրաւէրին։ Երկրորդ օրը, Երեքշաբթի, համագումարը տեղափոխուեցաւ Եւրոպական Խորհրդարան եւ տեղի ունեցաւ Եւրոպայի Ժողովրդական Կուսակցութեան (ԵԺԿ) հովանաւորութեան ներքեւ. Եւրոպայի խորհրդարանականներու եւ միջազգային օրէնքի, պատմութեան, քաղաքագէտներու եւ ցեղասպանագէտներու մասնակցութեամբ ան շարունակեց իր աշխատանքը։

Հայաստանէն եւ Արցախէն պետական ստուար պատուիրակութիւններ եկած էին մասնակցելու, գլխաւորութեամբ՝ Ազգային Ժողովի նախագահ Յովիկ Աբրահամեանի, Արցախի Հանրապետութեան նախագահ՝ Բակօ Սահակեանի։ Ներկայ էին նաեւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս՝ Արամ Ա. եւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի ներակայացուցիչ, Ֆրանսայի թեմակալ առաջնորդ՝ Նորվան Արք. Զաքարեան, որոնք ողջոյնի խօսքով հանդէս եկան։

Երկուշաբթի Ժամը 10ին Համագումարի բացումը կատարեց Եւրոպայի Հայ Դատի յանձնախումբի նախագահ՝ Գասպար Կարապետեան, որմէ ետք խօսք առաւ ՀՅԴ Հայ Դատի յանձնախումբերու համակարգող Յակոբ Տէր Խաչատուրեան։

Մանրամասն կ՚անդրադառնանք այս երկու օրուան ելոյթներուն։