Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբը Կը Զօրակցի Էնտրու Ռոմանոֆի Թեկնածութեան

Ամերիկայի հայ համայնքը շահագրգռող հարցերուն վերաբերեալ հայանպաստ իր բացառիկ կեցուածքներուն համար, Արեւմտեան Ամերիկայի եւ Քոլորատոյի Հայ Դատի յանձնախումբերը յայտարարեցին, որ զօրավիգ կը կանգնին Էնտրու Ռոմանոֆի թեկնածութեան՝ 2020ի Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտի նախնական ընտրութիւններուն, որոնք տեղի պիտի ունենան դեմոկրատ թեկնածուներու միջեւ։

«Նահանգային ծերակոյտի նախագահ Ռոմանոֆ անցնող 17 տարիներուն, Հայ Դատին եւ Քոլորատոյի հայ համայնքին ջերմ պաշտպանը եղած է, այս պատճառով ալ այսօր մենք ուս-ուսի՝ զօրավիգ կը կանգնինք իր ընտրարշաւին, որպէսզի ան դառնայ դեմոկրատ կուսակցութեան   թեկնածուն, Ծերակոյտին համար Ամերիկայի մէջ տարուող ամէնէն սուր ընտրապայքարին», այս զօրակցութեան տուն տուող պատճառները բացատրելով՝ ըսաւ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետ փաստաբան Նորա Յովսէփեան:

Իր կարգին եւ այս առիթով, Նահանգային Ծերակոյտի նախագահ Ռոմանոֆ յայտնեց, որ պատիւ է իրեն համար ունենալ Հայ Դատի յանձնախումբին զօրակցութիւնը։ «Իբրեւ Քոլորատոյի յաջորդ ծերակուտականը՝ հետամուտ պիտի ըլլամ ամրապնդելու իմ յարաբերութիւնը Ամերիկայի հայ համայնքին հետ՝ ամրացնելու համար Միացեալ Նահանգներու եւ Հայաստանի միջեւ յարաբերութիւնները, զարգացնելու Հայաստանին օժանդակութիւնը եւ անոր հետ առեւտրական կապը, ինչպէս նաեւ վերցնելու Հայաստանի եւ Արցախի շուրջ հաստատուած շրջափակումը», ըսաւ Ռոմանոֆ։