Հայ Դատը Այս Տարի Հայաստանի Համար 85 Միլիոն Ամերիկեան Տոլարի Աջակցութիւն Կ՛ակնկալէ

ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի Հանրապետութիւնը վերանկախացումէն ի վեր, Միացեալ Նահանգներէն ստացած է մօտաւորապէս 2 միլիառ տոլարի օժանդակութիւն, 31 Յուլիսին տրուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտնեց Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետ Նորա Յովսէփեան՝ նշելով, որ այդ իրագործումին մէջ յանձնախումբը մեծ դերակատարութիւն ունեցած է: Ան տեղեկացուց, որ նոյն տարիներուն ընթացքին Արցախի Հանրապետութիւնը եւս Ամերիկայէն մօտաւորապէս 45 միլիոն տոլար ուղղակի աջակցութիւն ստացած է:

«Ի դէպ, Արցախ միակ երկիրն է, որ ճանչցուած չէ եւ Միացեալ Նահանգներէն ուղղակի աջակցութիւն կը ստանայ», ըսաւ Յովսէփեան, որ Արեւմտեան Ամերիկայէն քաղաքական բարձրաստիճան պաշտօնատարներու պատուիրակութեան մը հետ Հայաստան կը գտնուի:

Պատասխանելով լրագրողներու այն հարցումին, թէ ի՛նչ պատճառներով Միացեալ Նահանգներու կառավարութիւնը կը կրճատէ Հայաստանին տրամադրուող նիւթական աջակցութիւնը, սակայն Ատրպէյճանին կը նախատեսէ տրամադրել 100 միլիոն տոլար՝ Իրանի հետ սահմանին ծրագիր իրականացնելու համար՝ Յովսէփեան ըսաւ, որ այդ մէկը կեղծ լուր է եւ Ամերիկա Ատրպէյճանին 100 միլիոն տոլարի աջակցութիւն տրամադրելու ծրագիր չունի։

«Անշուշտ, նիւթական աջակցութիւն պիտի ըլլայ, սակայն ոչ այդ չափով: Այդ գումարը նախատեսուած է Ատրպէյճանի եւ Իրանի սահմանին ծրագիր մը իրականացնելու համար: Ամերիկա Ատրպէյճանը կը նկատէ կարեւոր գործընկեր Իրանի դէմ իր պայքարին մէջ: Հայաստանի ու Արցախի նիւթական աջակցութեան մասին ըսեմ, որ Թրամփի քաղաքականութիւնն է՝ բոլոր ուղղութիւններով կրճատումներ կատարել: Հայ Դատի յանձնախումբը կը շարունակէ աշխատիլ այդ ուղղութեամբ: Հայաստանի համար նախատեսուած է 40 միլիոն տոլար, առաջարկ եղած է եւս 45 միլիոն տոլար յաւելեալ գումար մը։ Արցախի համար 5 միլիոն տոլարի աջակցութեան յոյս ունինք, իսկ Հայաստանի՝ 85 միլիոն տոլարի», ըսաւ Նորա Յովսէփեան:

Ան նշեց նաեւ, որ Հայ Դատը աշխոյժ աշխատանք կը տանի Հայաստան-Միացեալ Նահանգներ յարաբերութիւնները զարգացնելու ուղղութեամբ եւ աւելցուց, որ Քալիֆորնիոյ փոխնահանգապետ Էլենի Քունալաքիսի գլխաւորած պատուիրակութեան այցելութիւնը կը դիտուի այդ սահմաններուն մէջ: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան եւ Սփիւռքի հարցերու յանձնակատարին, այս այցելութիւնը իրականացնելու ջանքերուն ցուցաբերուած աջակցութեան համար:

Նշենք, որ մամլոյ ասուլսին ընթացքին Լոս Անճելըս գաւառի վերահսկիչ Քեթրին Պարկըր տեղեկութիւն տուաւ Կլենտէյլ քաղաքին մէջ կառուցուելիք Հայ-ամերիկեան թանգարանի ծրագիրին մասին:

Իր կարգին, Քոլորատոյի նահանգային խորհրդարանի անդամ Տանէա Էսկար յատնեց, որ Քոլորատօ նահանգը հետաքրքուած է Հայաստանի հետ յարաբերութիւնները աշխուժացնելու ջանքերով՝ նշելով, որ այդ նպատակով Հայաստանի մէջ շարք մը հանդիպումներ ունեցած է բարձրաստիճան պաշտօնատարներու հետ, եւ քննարկած զանազան ոլորտներու մէջ համագործակցութեան կարելիութիւնները:

«Շնորհակալութի՛ւն լաւ ընդունելութեան համար, իսկապէս տպաւորուած ենք: Մենք հետաքրքրուած ենք շարք մը ոլորտներու մէջ համագործակցութեամբ, մասնաւորապէս, գիւղատնտեսութեամբ եւ տեղեկատուական արհեստագիտութիւններով», ըսաւ Էսկար՝ յատկապէս նշելով ԹՈՒՄՕ կեդրոնին օրինակը: Ըստ անոր՝ պէտք է ձեւ մը գտնել, որ Քոլորատօ նահանգին մէջ եւս ԹՈՒՄՕ բացուի:

Էսկար նաեւ նկատել տուաւ, որ Հայաստանի զանազան ոլորտներու մէջ մեծ դերակատարութիւն ունի երիտասարդութիւնը՝ իբրեւ մղիչ ուժ:

«Շատ լաւ տպաւորուած եմ Հայաստանի վերջին ներքաղաքական իրադարձութիւններով: Թաւշեայ յեղափոխութիւնը կատարուեցաւ առանց մէկ կաթիլ արիւն թափելու: Կրնամ ըսել, որ հայերը թաւշեայ յեղափոխութեամբ ոչ միայն փոփոխութիւն բերին Հայաստանի մէջ, այլ նաեւ՝ աշխարհի», ըսաւ ան:

Քալիֆորնիոյ փոխնահանգապետ Էլենի Քունալաքիս նոյնպէս նշեց, որ իր գլխաւորած պատուիրակութիւնը Հայաստանի մէջ իրականացուցած է արդիւնաւէտ եւ կարեւոր հանդիպումներ՝ նախանշելով համագործակցութեան կարեւորագոյն ուղղութիւնները:

Շնորհակալութիւն յայտնելով ցուցաբերուած ընդունելութեան համար, Քունալաքիս յատկապէս կարեւոր համարեց պատուիրակութեան այցելութիւնը Հայոց Ցեղասպանութեան յուշահամալիր, ուր ան Յիշատակի պուրակին մէջ ծառ տնկեց Քալիֆորնիոյ անունով: Անդրադառնալով յատկապէս ԹՈՒՄՕ կեդրոնին մասին՝ ան ողջունեց այն իրողութիւնը, որ ամերիկահայերը կրցած են այդպիսի ներդրում ունենալ իրենց հայրենիքին մէջ: Ան յոյս յայտնեց, որ իրենց այցելութիւնը նոր դուռ պիտի բանայ համագործակցութիւնը ընդլայնելու ջանքերուն առջեւ:

«Քալիֆորնիա նահանգը ճանչցած է Հայոց Ցեղասպանութիւնը եւ պահանջատէր է այդ հարցով: Մեր նահանգին մէջ կը գործէ օրէնք, ըստ որուն, նահանգի հանրային վարժարաններուն մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան պատմութիւնը կը ներկայացուի աշակերտներուն: Քալիֆորնիան նաեւ Ամերիկայի 9 նահանգներէն մէկն է, որ ճանչցած է Արցախի անկախութիւնը», ըսաւ Քունալաքիս:

Իր կարգին, Արիզոնայի նահանգային Ծերակոյտի անդամ Օթոնիէլ «Թոնի» Նաւարեթէ մեծ պատիւ համարեց Հայաստան գտնուիլը: Ան ընդգծեց, որ պատուիրակութիւնը շատ կարեւոր հանդիպումներ ունեցած է յատկապէս արտաքին գործոց նախարարին եւ Ազգային ժողովի պատգամաւորներու հետ:

«Շատ հետաքրքրական է տեսնել, թէ սփիւռքահայերը որքան կապուած են իրենց հայրենիքին եւ ամէն ինչ կ՛ընեն Հայաստանի մէջ ներդրումի ծրագիրներ իրականացնելու համար: Հոս մարդոց մէջ իւրայատուկ ուժ կը տեսնեմ: Արիզոնան այն նահանգներէն է, որ ճանչցած է Հայոց Ցեղասպանութիւնը: Պէտք է աշխատիլ, որ ապագային այլ ցեղասպանութիւններ չկրկնուին», ըսաւ ան՝ աւելցնելով, որ Արիզոնայի իշխանութիւնները կը քննարկեն Հայաստանի հետ առեւտուրի գրասենեակ բանալու կարելիութիւնը:

Պատասխանելով Լոս Անճելըս-Երեւան ուղղակի թռիչքներ կազմակերպելու հաւանականութեան մասին հարցումին՝ Քունալաքիս նշեց, որ այդ ուղղութեամբ աշխատանք կը տարուի: «Անիկա շատ կարեւոր պիտի ըլլայ Հայաստանի եւ հայերուն համար: Ինչպէս գիտենք, Քալիֆորնիոյ մէջ մեծ թիւով հայեր կ՛ապրին եւ նման կապ մը զգալիօրէն պիտի դիւրացնէ անոնց երթեւեկը», ըսաւ ան:


ANCA hopes US will provide 85 mln USD support to Armenia this year

YEREVAN, JULY 31, ARMENPRESS. Armenia has received 2 billion USD support from the United States since independence, Chairperson of the Armenian National Committee of America Western Region (ANCA-WR) Nora Hovsepian told a press conference in Armenpress, stating that the Committee played a key role in this process. She informed that during these years Artsakh as well-received 45 million USD support from the US.

“Artsakh is the only country that is non-recognized and receives direct support from the US”, Hovsepian said.

Asked what is the reason that the US government cuts funding for Armenia, but plans to provide 100 million USD to Azerbaijan to implement a program on the border with Iran, the ANCA-WR Chairperson said it’s fake news, the US is not going to provide 100 million USD to Azerbaijan.

“Of course, there will be funding, but not that much. These sums are expected to be provided for implementing a program on the Azerbaijan-Iran border. The US views Azerbaijan a key partner against Iran. As for the funding to Armenia and Artsakh, I would like to state that this is Trump’s policy, he is cutting the funding in all directions. ANCA continues working on this direction. 40 million USD will be provided for Armenia, there has also been a proposal to add another 45 million USD. We have a hope of 5 million USD for Artsakh and an 85 million USD for Armenia”, she said.

Nora Hovsepian said they are actively working to develop the Armenia-US ties.

Edited and translated by Aneta Harutyunyan