ԴԱՏԱՊԱՐՏՈՒՄ-إدانة

Մեկնելով միջազգային օրէնքներէն եւ ՄԱԿ-ի ու Ապահովութեան Խորհուրդի այն որոշումներէն, որոնք հիմնուած են մարդկային, բարոյական օրէնքներու եւ կանոններու վրայ ու կը ծառայեն պետութիւններու ու ժողովուրդներու միջեւ խաղաղութեան եւ համերաշխութեան պահպանման: Մեկնելով նաեւ այն սկզբունքներէն, որոնք կը նպատակադրեն միջազգային հանրութիւնը զերծ պահել ​ ժողովուրդներուն եւ անոնց հայրենիքներուն ճակատագրին վերահսկող անձերու քմահաճոյքներէն ու անոնց ենթակայութենէն, Սուրիոյ Հայ Դատի Յանձնախումբը կը դատապարտէ Սուրիական Կոլանը Իսրայէլի բռնակցելու ԱՄՆ-ի նախագահ Տանըլտ Թրամփի ապօրինի որոշումը, միեւնոյն ատեն կը շեշտէ, որ Կոլանը Իրայէլի կողմէ բռնագրաւուած սուրիական հող է:

Սուրիոյ Հայ Դատի Յանձնախումբը կոչ կ՛ուղղէ բոլոր ազգերուն կանգնելու բռնապետութեան եւ ճնշումի կիրարկման դէմ պայքարող Սուրիոյ կողքին, ոչ միայն յանուն  Սուրիոյ, այլ յանուն իւրաքանչիւր  ժողովուրդի, որ բռնապետներու կողմէ խլուած իրաւունքներ ունի եւ  վերջապէս  յանուն մարդկային իրաւունքներու գերակայութեան:

Սուրիոյ Հայ Դատի Յանձնախումբ
3
Ապրիլ 2019

انطلاقا من القوانين الدولية وقرارات الأمم المتحدة ومجلس الأمن الدولي المبنية على الشرائع والقوانين الإنسانية الأخلاقية، والمنوطة بها المحافظة على السلم والتعايش بين الدول والشعوب، وحرصا على ألا يتحول المجتمع الدولي إلى مجتمعٍ يتحكم بها أهواء هذا أو ذاك من المتسلطين على مصير الشعوب وأوطانها، فإن لجنة متابعة القضية الأرمنية في سوريا تدين قرار رئيس الولايات المتحدة الأمريكية، دونالد ترامب اللاأخلاقي، بالاعتراف بسيادة إسرائيل على الجولان، مشددة في الوقت ذاته، بأن الجولان أرضٌ سوريةٌ محتلةٌ بعدوانٍ غاصبٍ من قبل إسرائيل.

إن لجنة متابعة القضية الأرمنية في سوريا تهيب بالشعوب كافة بالوقوف إلى جانب سوريا في وقفتها ضد الطغيان والتجبر، لا من أجل سوريا فقط بل من أجل كل شعبٍ له حقٌ عند غاصبٍ محتل، ومن أجل رفعة الإنسانية وأخلاقها

لجنة متابعة القضية الأرمنية في سوريا
في 3-نيسان-2019