Արմէն Մազլումեան. Կը Դատապարտենք Նոր Զելանտայի Մզկիթներուն Վրայ Ահաբեկչական Յարձակումը

Եգիպտոսի Հայ դատի յանձնախումբի ներկայացուցիչ բժ. Արմէն Մազլումեան կտրականապէս դատապարտած է Նոր Զելանտայի Քրայսթչըրչ քաղաքի երկու մզկիթներու վրայ ահաբեկչական յարձակումը, որուն հետեւանքով 50 մարդ զոհուեցաւ, ներառեալ չորս եգիպտացիներ:


Եգիպտական «Սատա էլ պալատ» թերթի Մարտի 20-ի համարով հրապարակուած իր յայտարարութեան մէջ ան ըսած է, որ հայերը կը դատապարտեն ու կը մերժեն իսլամ եւ քրիստոնեայ հանրութիւնները թիրախ դարձնող ցեղապաշտութեան բոլոր ձեւերն ու այլատեացութեան ոճիրները, որոնք հետամուտ են թշնամութեան սերմանման, զոր կը մերժեն հայերը եւ չեն ընդունիր, մերժելով բռնութիւնն ու անմեղներու սպանութիւնը:

Յանուն եգիպտահայոց ան յայտարարած է. «Աշխարհի չորս ծագերուն մենք մեր իսլամ եղբայրներու կողքին կանգնած ենք, պահանջելով մերժել բռնութիւնն ու ատելութիւնը իսլամներու եւ ոչ իսլամներու, բովանդակ մարդկութեան հանդէպ, յորդորելով դադրեցնել գրգռութիւնը եւ թշնամութեան սերմանումը, մարդկութեան փրկելով ինքնութեան եւ հաւատի հիման վրայ սպանութեան պատուհասներէն»: