Ֆրանսայի Հայ դատի յանձնախումբի հաղորդագրութիւնը. Ո՛չ՝ Լիոնի եւ Ազէրպայճանի համագործակցութեան

Աւանդաբար իր հայամէտ կեցուածքով ծանօթ Լիոն քաղաքը որոշած է Ազէրպայճանի հետ համագործակցութեան ծրագիր մը մշակել:

Ֆրանսայի Հայ դատի յանձնախումբը այս որոշումը քննադատող հաղորդագրութիւն մը հրապարած է, զոր ֆրանսերէնէ թարգմանաբար կը ներկայացնենք.-

«Ֆրանսայի Հայ դատի յանձնախումբը ցնցուած եւ զարհուրած է Լիոնի քաղաքապետի Բ. կցորդ տիկ. Գարին Տոնիէն-Սոզի որոշումէն, որ Մարտ 1-ին ընդունելով Ազէրպայճանի դեսպանը՝ անոր յայտնած է Լիոնի եւ Ազէրպայճանի միջեւ համագործակցութեան բանակցութիւններ սկսելու տրամադրութիւն։
Միթէ՞ հարկ է դեռ ներկայացնել Ազէրպայճանը։

Երկիր մոլորակի վատթարագոյն բռնապետութիւններէն մէկը, ուր քաղաքական ամէն ընդդիմութիւն եւ բազմակարծութեան ամէն արտայայտութիւն ոչնչացուած են, ուր կաշառակերութիւնը ընդհանրացած երեւոյթ դարձած է, ինչպէս ցոյց տուաւ նաեւ «Խաւիարկէյթ»-ի գայթակղութիւնը, բռնապետութիւն մը, որ կը մշակէ եւ արտասահման ալ կ՚արտածէ Հայոց նկատմամբ ատելութիւնը եւ որ զանոնք կանոնաւորաբար յարձակման կ՚ենթարկէ սահմաններուն վրայ, բռնաբարելով՝ Արցախի Հանրապետութեան հետ պատերազմէն ետք գոյացած հրադարարը։

Ժերար Գոլոն եւ անոր միջոցով ալ՝ անոր ղեկավարած քաղաքը միշտ ալ պաշտպանած են արդարութեան, ժողովրդավարութեան, ազատութեան արժէքները, մարդկային իրաւունքները։ Ժերար Գոլոն միշտ եղած է հայ ժողովուրդի կողքին եւ զօրակցած է անոր հիմնական իրաւունքներու պաշտպանութեան, դիմադրած է 2006-ին Հայոց ցեղասպանութեան յուշարձանի բարձրացման ընդդիմացող ժխտողականներու ճնշումներուն, ինչպէս նաեւ իր կողքին գործելու համար ընտրած է Ժորժ Քէփէնէկեանը, որ Հայ դատի պաշտպանութեան իր յանձանառութեամբ՝ դարձած է մեր կազմակերպութեան նախագահ։

Ուստի, Ֆրանսայի Հայ դատի յանձնախումը կոչ կ՚ուղղէ Քաղաքի առաջին կցորդ Ժորժ Քէփէնէկեանին, որ դեռ քանի մը ամիս առաջ Լիոնի քաղաքապետն էր, ինչպէս նաեւ Ժերար Գոլոնին, որպէսզի անմիջապէս վերջ դնեն Ազէրպայճանի հետ համագործակցութեան համաձայնագրի յանգելու միտող այս բանակցութիւններուն։

Այս հնարքը Ազէրպայճանի կողմէ գործադրուած անընդունելի գրգռութիւն մըն է, այդ բռնատիրութեան՝ դրական պատկեր մը ապահովելու քանիերորդ փորձը, որ ոչ մէկ ձեւով կրնայ վայելել համակրանքը անոնց, որոնք կը յաւակնին պաշտպանել արդարութիւնը, ազատութիւնը եւ մարդկային հիմնական իրաւունքները, յատկապէս՝ հայ ժողովուրդի իրաւունքները։

ՖՐԱՆՍԱՅԻ ՀԱՅ ԴԱՏԻ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲ
Փարիզ, Մարտ 5, 2019թ