Հանդիպում՝ Աշոտ Ղուլյանի հետ ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ Դատի Գրասենեակէն ներս

Երեքշաբթի 5 Մարտ 2019-ին, ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ Դատի Գրասենեակի նախագահ՝ Գասպար Կարապետեանը ընդունեց Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի նախագահ` Աշոտ Ղուլյանի առաջնորդած պատուիրակութիւնը Հայ Դատի Գրասենեակէն ներս Պրիւքսէլի մէջ:

Հանդիպման ներկայ էին՝ ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ Դատի Գրասենեակի անձնակազմը, Պելճիքայի Հայ Հեղափոխական Դաշնակցութեան կոմիտէութեան անդամներ եւ ներկայացուցիչներ՝ Պելճիքայի Հայ օգնութեան միութենէն, Համազգային մշակութային միութենէն, ՀՅԴ Արամ Երկանեան Երիտասարդական միութենէն Եւ ՀՅԴ Պելճիքայի Հայ Դատի յանձնախումբէն:

Ողջունելով Պարոն Ղուլյանի գալուստը, Գասպար Կարապետեան վերահաստատեց Հայ Դատի Գրասենեակի պատրաստակամութիւնը շարունակելու օժանդակել Արցախի Հանրապետութեան եւ պաշտպանել Արցախի ժողովուրդի իրաւունքները Եւրոպական հաստատութիւններու ներկայացուցիչներու մօտ:

Աշոտ Ղուլյան իր կարգին գնահատեց Դաշնակցութեան, անոր ուղեկից միութիւններուն եւ Հայ Դատի գրասենեակներուն դերակատարութիւնը ազատ եւ անկախ Արցախի միջազգային ճանաչողութեան պայքարին մէջ:

«Խորհրդարանին մէջ երբ մեր գործունէութիւնը կ’ամփոփենք յատկապէս արտաքին կապերու հետ կապուած նիւթերու մասին, պարբերաբար կ’ընդգծենք Եւրոպայի Հայ Դատի Գրասենակի աջակցութեամբ արձանագրուած յաջողութիւնները: » յայտարարեց Ղուլյան: Ան շարունակեց ըսելով՝ պայքարը միասնաբար  պիտի  շարունակենք  ջերմեռանդութեամբ:

Անդրադառնալով հանդիպմանը՝ Գասպար Կարապետեան ըսաւ. « Սա առաջին անգամը չէ որ Արցախի Հանրապետութեան բարձրագոյն պաշտօնեաներ կ’այցելէն մեր գրասանեակը: Այսպիսի հանդիպումներու կարեւորութիւնը բարձր կը համարեմ, սփիւռքի մէջ գործող Հայ Դատի կառոյցներուն եւ Արցախի իշխանութիւններուն համագործակցութիւնը  առաւել եւս  զարգացնելու եւ համադրելու նպատակով:»

Չորեքշաբթի 6 Մարտին, Արցախեան պատուիրակութիւնը, որուն մաս կը կազմէ նաեւ ԱՀ Արտաքին գործերու փոխնախարար Արմինե Ալէքսանյանը, պիտի մասնակցի Հայ Դատի Գրասենեակի կազմակերպած՝ «Հայատյացութիւն. պատմական եւ արդի դրսեւորումները» խորագրով գիտաժողովին որ տեղի կ’ունենայ Եւրոխորհրդարանէն ներս:

ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ Դատի Յանձնախումբի Գրասենեակ