Հ.Հ. Գանատայի Դեսպանը Վանգուվըրի մէջ հանդիպում ունեցաւ Հայ Դատի յանձնախումբի պատուիրակութեան հետ

Սեպտեմբեր 24-ին, ՀՀ դեսպան Լեւոն Մարտիրոսեան Վանգուվըրի մէջ խորհդակցական հանդիպում մը ունեցսւ Գանատայի Արեւմտեան Շրջանի Հայ Դատի յանձնախումբի ներկայացուցիչներ Յակոբ Տէր Յակոբեանի, Վահիկ Ակոբեանի եւ ՀՅԴ Գանատայի Կեդրոնական կոմիտէի անդամ Վահէ Անտոնեանի հետ։ Հանդիպման ընթացքին արծարծուեցան Հայաստանի մէջ կայանսլիք ֆրանսախօս երկիրներու վեհաժողովի, Գանատայի վարչապետ Թրուտոյի Հայաստան այցելութեան, ինչպէս նաեւ Գանատահայութեան շահագրգռող շարք մը հարցեր։