Արեւելեան Ա.Մ.Ն.ի Հայ Դատի Յանձնախումբի Տարեկան Մեծարանքի Հանդիսութիւն՝ Պոսթընի Մէջ

(ՀԱՅՐԵՆԻՔ ՇԱԲԱԹԱԹԵՐԹ) Շաբաթ, Դեկտեմբեր 2-ին, Պոսթընի «Ինթըրնաշընըլ Փլէյս»ի սրահին մէջ, տեղի ունեցաւ Ա.Մ.Ն. Արեւելեան շրջանի Հայ Դատի յանձնախումբի կազմակերպած մեծարանքի 11-րդ հանդիսութիւնը, ներկայութեամբ շուրջ երկու հարիւր հիւրերու:
Ներկայ էին ծերակուտական Էտուըրտ Մարքի (Մասաչուսէց – Դեմոկրատական), Ուաշինկթընի մօտ Արցախի Հանրապետութեան գրասենեակի ներկայացուցիչ՝ Ռոպերթ Աւետիսեան, Ա.Մ.Ն. Արեւելեան Շրջանի Կեդրոնական Կոմիտէի անդամներ՝ Ճորճ Աղճայեան, Կրէկ Պետեան, Անդրանիկ Գասպարեան եւ Ժան Աւետիսեան:

Օրուան հանդիսավարն էր Ճէք Անթունեանը, որ բեմ հրաւիրեց Մեղրի Տէր Վարդանեանը, մեներգելու համար Ա.Մ.Ն.-ի եւ Հայաստանի քայլերգները:
Ապա բեմ հրաւիրուեցաւ շրջանի հովիւ Անդրանիկ Աւագ Քահանայ Պալճեանը, կատարելու տէրունական աղօթքը:
Այս տարուան մեծարանքի հանդիսութեան, «Ազատութեան» մրցանակ ստացան շրջանէն՝ քոնկրէսական Նիքի Ցոնկաս եւ ծերակուտական Էտուըրտ Մարքի:

«Ազատութեան» մրցանակը կը շնորհուի այն անձերուն, որոնք ներդրում ունեցած են Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման եւ ամերիկահայ համայնքը յուզող հարցերուն մէջ:
Ցոնկաս, որ նախապէս տեղեկացուցած էր, թէ պիտի չկարենար ներկայ ըլլալ այս հանդիսութեան, պատրաստած էր յատուկ խտասալիկ մը, որուն մէջ կը ներկայացնէր իր պատգամը: Ան, առաջին հերթին շնորհակալութիւն յայտնելէ ետք Հայ Դատի յանձնախումբին, նշեց թէ ինչպէ՞ս կարելի է պատկերացնել պահանջատիրութեան ուժեղացում, ծաւալում, եթէ ժողովուրդն ու ամբոխը շարունակ նեցուկ չկանգնին: Ան աւելցուց թէ, կարելի չէ արդարութեան դէմ աշխատիլ եւ մոռնալ ահաւոր անցեալ մը, որուն արդիւնք ինքնաբերաբար կրնան այլ ցեղասպանութիւններ կրկնուիլ: Ցոնկաս ողջունեց Երեւանի մէջ, Միացեալ Նահանգներու դեսպանատան ամբողջ աշխատակազմին յառաջընթացը Միացեալ Նահանգներ – Հայաստան տնտեսական յարաբերութիւններու զարգացման գործընթացով: Ան աւելցուց, թէ ամերիկեան ընկերութիւններ Հայաստանի մէջ գումարներ պիտի ներդնեն յառաջիկայ քանի մը տարիներուն ընթացքին, եւ վստահաբար շատ աւելին պէտք է կատարուի:

Ձախէն՝ Սթիւ Մեսրոպեան, Էտուըրտ Մարքի, Ճէք Անթունեան

Ծերակուտական Էտուըրտ Մարքի, որ անձամբ ներկայ էր, խօսք առնելով, տպաւորեց ներկաները, որոնք աւարտին երկար ծափողջոյններով շնորհակալութիւն յայտնեցին:
Մարքի դատապարտեց Ա.Մ.Ն.-ի կատարուած օժանդակութիւնները՝ Պաքուի, եւ շեշտեց, թէ ամէն գնով պէտք է վերջ տալ Թուրքիոյ կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ուրացման գծով ամերիկեան մեղսակցութեան: Ան նաեւ յայտնեց թէ, պէտք է ամէն գնով ամերիկեան նեցուկ ապահովել Արցախի ինքնորոշման եւ անկախութեան, նաեւ Արցախի տնտեսական օժանդակութեանց ապահովում` նեցուկ կանգնելու համար շրջանի վերակառուցման եւ ականազերծման ջանքերուն:

Ան աւելցուց, թէ հիմնականօրէն վերատեսութեան պէտք է ենթարկել Միացեալ Նահանգներ-Թուրքիա յարաբերութիւնները` սահմանափակելով զէնքերու վաճառքը:
Ա.Մ.Ն. Արեւելեան շրջանի Հայ Դատի գրասենեակի պատասխանատու Սթիւ Մեսրոպեան շնորհակալութիւն յայտնելով քոնկրէսական Ցոնկասին եւ ծերակուտական Մարքիին, փոխանցեց օրուան պատգամը: Ան յայտնեց, թէ այսօր, բոլոր դժուարութիւններէն ու բազմազան ենթակայական եւ առարկայական լուրջ խոչընդոտներէն անդին, հայորդին կ’ապրի պատմական աննախընթաց ժամանակահատուածի մը մէջ, երբ Հայաստան անկախ է, Արցախը՝ ազատագրուած, եւ անշուշտ Սփիւռքի գիտակից ու պայքարող տարրը՝ պատնէշի վրայ է:

Այդ կազմակերպ Սփիւռքի մէջ, աշխոյժ ու նպատակասլաց է Հայ Դատի ու քաղաքական կառոյցներու գործունէութիւնը: Այսօր, արտերկրի մէջ Հայ Դատի յանձնախումբերու եւ գրասենեակներու ցանցը ու նմանօրինակ կառոյցները աննախընթաց զարգացում կ՚ապրին ու արտաքին աշխարհի մէջ լուրջ հեղինակութիւն կը վայելեն: «
«Մեր ազգային կարեւորագոյն հարստութիւններէն է Հայ Դատի կամաւոր ու արհեստավարժ նուիրեալներու այս աշխարհասփիւռ փաղանգը, որ կը պաշտպանէ մեր հայրենի պետականութեանց թիկունքը, աշխարհով մէկ կ՚ամրապնդէ անոնց դիրքերը եւ որպէս տարբեր երկիրներու գիտակից քաղաքացիներ կը պահանջէ այդ երկիրներու կառավարութիւններէն ու խորհրդարաններէն հայանպաստ դիրքորոշում եւ մեր հայրենի պետականութեանց գործնական աջակցութիւն: Անոնք կ՚ամբողջացնեն հայկական դիւանագիտութիւնը՝ արտաքին գործերու նախարարութեան, դեսպանատուներու եւ այլ պետական ներկայացուցչութիւններու հետ համագործակցելով եւ աշխատանքը համադրելով: Եւ այս գծով, յատկապէս Ա.Մ.Ն. Արեւելեան շրջանէն ներս, շատ աւելի գործ ունինք տանելիք», շեշտեց Մեսրոպեան, որուն խօսքէն ետք, կարճ վաւերագրական մը ցուցադրուեցաւ, տարեշրջանի ընթացքին կատարուած աշխատանքներուն գծով:

Ընթրիքէն ետք, հանդիսավար Ճէք Անթունեան, բեմ հրաւիրեց Թաթուլ Սոնենց-Փափազեանը, որ յուզիչ եւ յակիրճ նկարագրականով մը ներկայացուց Պաքուի ջարդերէն մազապուրծ ազատած եւ այժմ Մէյն նահանգ հաստատուած Աննա Աստուածատուրեան-Թըրքոթը, որ ստացաւ Հայ Դատի աշխատանքներուն շարունակ ծառայելու շքանշանը:

Թաթուլ Սոնենց-Փափազեան եւ Աննա Աստուածատուրեան-Թըրքոթ

«Ահաւոր մանկութիւն մը ապրեցայ Պաքուի մէջ, քաղաք մը, որ շինած ու կառուցած ենք մենք՝ հայերս: Հայրս կը յայտնէր, թէ կացութիւնը կը վատթարանար եւ չէի կրնար ազատ եւ համարձակ շրջագայիլ: Պատահեցաւ սպասելին եւ ստիպուեցանք հեռանալ մեր ծննդավայրէն: Այսօր գրեթէ երեսուն տարի ետք, դեռ անմոռանալի են այդ դաժան յուշերը: Շատ բան սորվեցայ եւ դեռ ալ պիտի սորվիմ: …Ահա, այսօր բեմահարթակին վրայ բարձրացած եկած եմ շնորհակալութիւն յայտնելու, նաեւ կրկին ուխտելու, թէ պիտի շարունակեմ գործել յաչս հայութեան ու Հայ Դատին»:

Նշենք, թէ 2013-ին, շնորհիւ Աննա Աստուածատուրեան-Թըրքոթի հետեւողական աշխատանքին, Մէյն նահանգը պաշտօնապէս ճանչցաւ Արցախի Հանրապետութիւնը: 1988-ին, Աննային ընտանիքը պարտադրուած է փախուստ տալ եւ ապաստանիլ Հայաստան: 1992-ին Աստուածատուրեանները կը հաստատուին Միացեալ Նահանգներ: Աննա պահած է այս դաժան օրերու օրագրութիւնը, որ լոյս տեսած է Յունիս 2012-ին, անգլերէն լեզուով, “Nowhere, a Story of Exile“ անունով:

Անդրանիկ Գասպարեան եւ Քարոլանն Նաճարեան

Քարոլանն Նաճարեան ստացաւ «Վահան Քարտաշեան» շքանշանը: Նաճարեանի մասին անդրադառնալով, Անդրանիկ Գասպարեան վեր առաւ, անոր անաչառ աշխատանքը:
Նաճարեան յայտնեց թէ Հայ Դատի աշխատանքը իւրաքանչիւր հայու գոյութեան եւ պատկանելիութեան խնդիր է եւ ինքնաբերաբար, ամէն հայորդի պէտք է որ մասնակից դառնայ աշխատանքներուն: Ան նշեց թէ, նաեւ ժողովուրդը, ուժի հիմնական աղբիւրն է: Ան կոչ ուղղեց, որ անպայման կառչած մնան իրենց արմատներուն ու ընտանեկան ծառին:

Ա.Մ.Ն. Արեւելեան Շրջանի Հ.Յ.Դաշնակցութեան ներկայացուցիչ՝ Ճորճ Աղճայեան իր խօսքին մէջ, շեշտեց Հայ դատի հասկացողութեան ներկայ սահմանումը:
«Այս աշխատանքները կը կատարուին ամէնուրեք, Հայ դատի բոլոր յանձնախումբերն ալ այդ ուղղութեամբ աշխատանք կը ծաւալեն: Ցեղասպանութեան ճանաչման հարցը արդէն իսկ բաւական ճամբայ կտրած է, մեծ յաջողութիւններ արձանագրուած են մանաւանդ վերջին տարիներուն, բայց ամբողջականացած չէ այդ հոլովոյթը: Ներկայիս կը բացուի ամբողջութեամբ նոր էջ, որ պահանջատիրութեան ծրագրային եւ սկզբունքային սահմանումէն անդին անցնելու խնդիրն է, այդ ամբողջ հոլովոյթը օրինական մակարդակի հասցնելու: Հետեւողական աշխատանք ունինք կատարելիք: Պէտք է որ երիտասարդութիւնը մղենք, որ քաղաքական կեանքին մաս կազմէ, չըլլայ միայն դիտող», ըսաւ Աղճայեան:

Օրուան հանդիսութիւնը աւարտեցաւ շրջանի հովիւ Անդրանիկ Աւագ Քահանայ Պալճեանի օրհնութեամբ:
Ձեռնարկի ազդանշանին, տասնեակ մը ազերի ցուցարարներ փորձած էին իրարանցում ստեղծել, որ ապարդիւն դուրս եկած էր: Իսկ այս յայտագրէն առաջ, կատարուած աճուրդի արդիւնք, գոյացաւ կոկիկ գումար մը: Նաեւ կատարուեցան նուիրատուութիւններ, որոնք փոխանցուեցան Հայ Դատի Յանձնախումբի անձեռնմխելի հիմնադրամին:

ANCA Eastern Region Celebrates Artsakh Liberation Movement and Grassroots Advocacy at Sold-Out Gala

(ARMENIAN WEEKLY) BOSTON—Hundreds of advocates from New England to the Midwest, from the South to the East Coast and around the U.S., came together at Two International Place in downtown Boston to celebrate the past year’s accomplishments of the Armenian National Committee of America—Eastern Region (ANCA-ER).

The Gala, sponsored by the ANCA-ER Endowment Fund, began with an elegant cocktail reception and silent auction, followed by dinner and awards ceremony on Saturday, Dec. 2.

“Every year, the ANCA-ER Gala is an opportune moment to reflect on all the achievements—which are substantial—we have made as an organization, as well as to chart the course for the work still lying ahead,” remarked ANCA-ER Chair Steve Mesrobian. “I wish to express our gratitude to all of our supporters, grassroots volunteers and activists, as well as partners who empower and enable us to get the job done.”

On the occasion of the Gala being held in Boston, Massachusetts Governor Baker and Lieutenant Governor Polito sent a welcoming letter “congratulating all the honorees and commending the ANCA for another successful year full of impactful work.”

Representative Seth Moulton (D-Mass.-6) in his letter stated, “Today, 25 years after declaring independence from the Soviet Union, Armenia is a strategic ally of the United States in the wider Middle East, playing an active role in peacekeeping and anti-terrorist activities.… We will continue our work to ensure a full and frank reaffirmation of the Armenian Genocide by the U.S. government and the government of Turkey, continuation of direct assistance to Armenia and Artsakh, and further development of trade and economic relations between the two countries.”

In his letter, Congressman Joseph P. Kennedy III (D-Mass.-4) noted, “This year marks the 25th anniversary of established diplomatic relations between the United States and Armenia. As a strategic ally of the U.S., Armenia stands strong as a beacon of democracy and freedom in the region.”

Permanent Representative of Armenia to the United Nations Ambassador Zohrab Mnatsakanyan also sent a letter “to express deep appreciation for the enduring commitment of the ANCA Eastern Region to advancing an agenda of common interest and importance for Armenia and the Armenian people.”

2017 ANCA-ER Awards

Emceed by the founder of the Armenian Business Network, Jack Antounian, the 11th annual Gala included a diverse group of distinguished honorees.

This year the ANCA-ER honored U.S. Senator Edward J. Markey and Representative Niki Tsongas with its highest honor, the prestigious Freedom Award presented annually to worthy individuals for their commitment to freedom, truth, and justice for the Armenian Nation.

In his acceptance speech, Senator Markey noted, “Next year marks the 30th anniversary of Nagorno-Karabagh Liberation Movement. This anniversary is an important reminder of how far the Armenian people of the region have come, but also how far we still have to go. Since Azerbaijan launched its brutal offensive against Nagorno-Karabagh last year, it is our duty to stand with all Armenian communities who remain at risk. It is our duty to end this gruesome aggression against Armenian people. It is our duty to call out this violence for the crime, which it is. And as long as Azerbaijan continues to violate the ceasefire agreement and attack Armenians, the United States should cut off all military aid to Azerbaijan.”

Past recipients of the ANCA-ER Freedom Award include Artsakh President Bako Sahakyan; Senator Christopher Van Hollen Jr.; former U.S. Senator Mark Kirk; former House Majority Whip David Bonior; lawyer, writer, and human rights activist Fethiye Cetin; renowned lawyer Robert Morgenthau and the Morgenthau Family; former U.S. Ambassador to Armenia John M. Evans; Pulitzer Prize winning author and former U.S. Ambassador to the United Nations Dr. Samantha Power; former U.S. Senator Robert Menendez; the late U.S. Senator Edward M. Kennedy; former U.S. Senator Robert Dole; former U.S. Senator Elizabeth Dole; and Baroness Caroline Cox.

Named after Yale-educated lawyer Vahan Cardashian, the ANCA-ER Cardashian Award is presented annually to individuals for longstanding activism and dedication to the Armenian Cause. This year’s honoree was Carolann Najarian, MD.

Past recipients of the ANCA-ER Cardashian Award include John Jerikian of Washington D.C.; Levon Palian of Washington DC.; Tom Vartabedian (in memoriam) of Massachusetts; Armen Topouzian of Michigan; Alice Movsesian of New Jersey; Vahe Amirian of New Jersey; Martha Aramian of Rhode Island; Bedros Bandazian of Virginia; Melanie Kerneklian of Virginia; Tatul Sonentz-Papazian of Massachusetts; Ruth Thomasian of Massachusetts; Stephen Dulgarian of Massachusetts; Professor Richard Hovannisian of California; and Zohrab Tazian of Indiana.

Anna Astvatsaturian Turcotte, JD, was bestowed with the 2017 ANCA-ER Activism Award, which is presented to individuals and organizations that work toward enhancement of human rights, democracy, truth, and justice in the United States, Armenia, Artsakh, Turkey, and beyond. Sayat Tekir and the Nor Zartonk Movement in Turkey last received the Activism Award at the 2015 ANCA-ER Banquet in Detroit.

To make a tax-deductible donation to the ANCA-ER Endowment Fund, visit https://ancaef.org/donate.

Below is a video recap of the ANCA-ER’s work in 2017.

For a full set of Gala photos, click here.

The ANCA Eastern Region Endowment Fund is a 501(c)(3) charitable and educational organization that supports the ANCA-ER in outreach to Armenian-American communities.