«Խոստումը» Հալէպի Մէջ

(ԳԱՆՁԱՍԱՐ, 6 Մայիս) Նախաձեռնութեամբ եւ կազմակերպութեամբ Սուրիոյ Հայ Դատի Յանձնախումբին, Հալէպի մէջ «Խոստումը» շարժանկարի առաջին ցուցադրութիւնը տեղի ունեցաւ «Զահրաա» պատկերասրահէն ներս, Հինգշաբթի, 4 Մայիսի երեկոյեան, ներկայութեամբ Սուրիոյ խորհրդարանի երեսփոխաններու, Հալէպի պետական համալսարանի պատասխանատուներու, ՀՀ Հալէպի գլխաւոր հիւպատոս Տիգրան Գէորգեանի, պետական բարձրաստիճան պատասխանատուներու, արաբ հասարակական գործիչներու, քրիստոնեայ համայնքապետներու, հայկական եւ արաբական լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչներու։

Արաբերէն բացման խօսքով, Սուրիոյ պետական պատկերասփիւռի կայանի լրագրող Ֆուատ Իզմիրլի յայտնեց, թէ շարժանկարները միջոցներ են ժողովուրդներու դատը ներկայացնելու եւ պատմութենէն դասեր քաղելու համար։ Հայոց Ցեղասպանութեան մասին մէկէ աւելի շարժանկարներ պատրաստուած են, վերջինը «Խոստումը»ն է, որ պատրաստուած է Սպանիա, խիստ գաղտնի պայմաններու մէջ՝ զերծ մնալու համար նման ծրագիրներու ուղղուած թրքական ճնշումներէն։

Ապա Իզմիրլի ներկայացուց «Խոստումը» շարժանկարը, դիտել տալով որ ան կը միտի Հայոց Ցեղասպանութիւնը միջազգային հանրութեան ներկայացնել։ Աւարտին ան ըսաւ. «Եկէ՛ք միասնաբար դիտենք եւ պահենք մեր խոստումը։ Խոստում, որ նահատակներու արիւնը ի զուր պիտի չանցնի, խոստում՝ դատապարտելու ոճրագործները, մինչեւ որ դադրեցնեն իրենց ցեղասպանական արարքները եւ մանաւանդ արդար հատուցում կատարեն։ Մենք, մեր խոստումով, թոյլ պիտի չտանք որ աշխարհը լուռ մնայ որեւէ ցեղասպանական արարքի դիմաց, յատկապէս որ 102 տարի վերջ ականատեսը դարձանք անոր կրկնութեան, այս անգամ Սուրիոյ մէջ»։

«Խոստումը» Հալէպի մէջ պիտի շարունակուի ցուցադրուիլ 15 յաջորդական օրերու ընթացքին։