Տեղի Ունեցաւ Հեռաժողով Քուէյթի Հայ Համա յնքի Ներկայացուցիչներուն Հետ

(ԱԶԴԱՐԱՐ, Մարտ 31) Մարտ 27-ին ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան մէջ տեղի ունեցաւ հեռաժողով Քուէյթի հայ համայնքի ներկայացուցիչներուն հետ:

Հեռաժողովի մասնակիցներուն ողջունեց ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան: Ան մասնաւորապէս նշեց. «Քուէյթը մեր հզօր, կուռ եւ համախմբուած հայկական համայնքներից է: Այս տարի ակնկալում ենք մեր ծրագրերին Քուէյթի հայ համայնքի ամենաակտիւ մասնակցութիւնը: Մենք մեծ ուշադրութիւն ենք դարձնում մասնագիտական ցանցերի ստեղծմանը: Դուք պէտք է դառնաք համահայկական կառոյցների մի մասը»:

Նախարարը կարեւոր համարեց Հայաստանի մէջ ներդրումային քաղաքականութեան աշխուժացումը: «Մենք ելք չունենք դէպի ծով, մեր ելքը հայկական Սփիւռքն է: Սփիւռքի մեր հայրենակիցները պէտք է աշխատատեղեր ստեղծեն Հայաստանում` նպաստելով Հայրենիքի շէնացմանը», – նշեց ան:

Քննարկուեցաւ Քուէյթի հայ համայնքէն ներս «Դուն ի՞նչ կ’ընես Արցախի համար» շարժումը աշխուժացնելու հետ կապուած հարցը: Մասնակիցները կարեւոր համարեցին համահայկական ցանցերու ընդլայնումը եւ մասնագիտական ներուժի օգտագործումը Հայաստանի եւ Արցախի տնտեսութեան զարգացման գործին մէջ: Այնուհետեւ անդրադարձան ՀՀ ներդրումային ծրագիրներուն մասնակցութեան հնարաւորութիւններուն, Հայոց ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման, դատապարտման եւ հետեւանքներու վերացման գործընթացքին, ինչպէս նաեւ երիտասարդութեան շրջանին մէջ պատմական յիշողութեան ամրապնդման ուղղուած քայլերուն:

Շնորհակալութիւն յայտնելով նման առցանց քննարկում կազմակերպելու համար` Քուէյթի Պետութեան մէջ ՀՀ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Մանուէլ Բադէյեան նշեց, որ Քուէյթի հայ համայնքը աշխոյժ է Հայաստանի մէջ ներդրումներ կատարելու գործին մէջ:

«Մենք պէտք է օգտագործենք այստեղի հայութեան նաեւ մտաւոր ներուժը: Քուէյթում շատ լաւ են վերաբերւում Հայաստանին եւ հայութեանը: Քուէյթում շուտով կը գործի նորակառոյց հայկական եկեղեցին: Մեծայարգ տիկին Յակոբեան, սիրով հրաւիրում ենք Ձեզ եկեղեցու բացման արարողութեանը», – նշեց Մանուէլ Բադէյեան:

Քուէյթի եւ Արաբական ծոցի երկիրներու կաթողիկոսական փոխանորդ հոգեշնորհ Տէր Մասիս ծ. վրդ.Զոպույեան նշեց. «Քուէյթահայութեան համար Հայաստանի ու Արցախի հզօրացումը առաջնային խնդիր է: Մենք մեր կապերը պէտք է ի սպաս դնենք Հայաստանի զարգացման: Իսկ Արցախի մէջ պէտք է վստահ ըլլան, որ Սփիւռքն իրենց կողքին է»:

Քուէյթի Հայ դատի պատասխանատու դր. Ժան Պեպէճեան աւելցուց. «Մենք կ’ողջունենք ՀՀ Վարչապետ Կարէն Կարապետեանի կոչը` ուղղուած Սփիւռքին եւ խանդավառուած ենք նոր սկիզբով»:

Ելոյթ ունեցան Քուէյթի Պետութեան մէջ ՀՀ դեսպանութեան հիւպատոս Լեւոն պետրոսեան, Քուէյթի ազգային վարժարանի հոգաբարձու Ֆիլիփ Փաթաթանեան, ՀՕՄ ատենապետ Անժելա Պեպէճեան, Քուէյթի Ազգային վարժարանի տնօրէն Ներսէս Սարգսեան, Քուէյթի Ազգային վարչութեան ատենապետ Մունիր Դարբինեան, Քուէյթի եւ Արաբական Ծոցի երկիրներու թեմական ժողովի ատենապետ Յարութիւն Պետիրեան, Համազգային հայ կրթական միութեան տեղապահ Ալվարդ Պապլանեան, ՀՄԸՄ Քուէյթի մասնաճիւղի ատենադպիր Յովհաննէս Սերոբեան:

Անոնք կարեւոր համարեցին ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան յատկապէս «Արի տուն», «Սփիւռք» ամառնային դպրոց ծրագիրներուն, «Իմ Հայաստան» եւ միւս համահայկական փառատօններուն համայնքի աշխոյժ մասակցութիւնը: