Le CDCA France salue les paroles fortes de la France

Lors du diner du CCAF qui s’est tenu à Paris le 8 février 2017, les personnalités présentes ont apporté leurs soutiens au combat mené en Turquie par le député du HDP Garo Paylan.

Le geste le plus important vient de la maire de Paris, Anne Hidalgo, qui a pris l’initiative d’attribuer prochainement à Garo Paylan, la médaille de la Ville de Paris afin de lui assurer une protection comme c’est déjà le cas pour d’autres militants des droits de l’Homme persécutés à travers le Monde.

La présidente de la région Ile-de-France a salué son combat pour la démocratie en Turquie en indiquant “qu’il n’avait que des amis en France”. Enfin le président de la République française François Hollande a également salué le combat mené en Turquie par Hrant Dink puis par Garo Paylan “suspendu du Parlement pour avoir parlé du génocide des Arméniens” en indiquant que la France encouragera toute les initiatives pour permettre à la Turquie de reconnaitre le génocide des Arméniens.

Le CDCA France salue ces paroles fortes de la France à l’égard de tous ceux qui en Turquie se battent pour la démocratie et en particulier les députés du HDP et encore plus précisément Garo Paylan. Nous sommes particulièrement fier du geste fort de la maire de Paris Anne Hidalgo qui en accordant la statut de citoyen d’honneur de la ville de Paris à Garo Paylan engage Paris aux côtés des démocrates turcs. Enfin, la France est sortie d’un silence qui n’avait que trop duré et porte de nouveau haut les valeurs de la démocratie et de la dignité humaine.

Photo: Discours de la Maire de Paris Anne Hidalgo (Image CCAF)

French President Hollande Attends Annual Armenian Dinner in Paris

Guests of Honor Included Armenian Prelate of Syria and Charles Aznavour

(ARMENIAN WEEKLY) PARIS — French President Francois Hollande attended an annual dinner with the Coordinating Council of Armenian Organizations of France (CCAF) for the last time as President of France on Feb. 8.

President of France François Hollande alongside Charles Aznavour and HE Vicken Tchitechian congratulates Mgr Shahan Sarkissian for his message of peace
President of France François Hollande alongside Charles Aznavour and HE Vicken Tchitechian congratulates Arch. Shahan Sarkissian for his message of peace

During the dinner—which was also attended by the Armenian Prelate of Syria Archbishop Shahan Sarkisian and world famous French-Armenian crooner Charles Aznavour—President Hollande addressed several issues, including the decision of the Constitutional Court to revoke certain amendments concerning the criminalization of genocide denial, French-Armenian relations, the issue of Nagorno Karabagh (NKR/Artsakh), and genocide recognition.

“To deny the massacres of yesterday is to authorize the massacres of today,” Hollande said. “I welcome the quality of the work of Jean-Paul Costa, which was the basis for an amendment during the debate on the Equality and Citizenship Act,” said Hollande, reported France’s Nouvelles d’Armenie.

He then detailed plans launched last October by French Education Minister Najat Vallaud-Belkacem to look for measures to institute a day of national commemoration of all genocides, war crimes, and thus the Armenian Genocide.”

Speaking about Armenian Genocide recognition, the French President said that France must support initiatives that work towards Armenian Genocide recognition. He mentioned the importance of the recognition of the Armenian Genocide in the German Bundestag and highlighted the role of both Bundestag President Norbert Lammert and Member of German Parliament Cem Ozdemir. He then commended the work of Armenian member of Turkish Parliament Garo Paylan for his work on raising the genocide issue in Turkey.

Hollande added how Armenian President Serge Sarkisian will be visiting Paris next month, after accepting his invitation to honor the 25th anniversary of diplomatic relations between France and Armenia. He explained how the meeting will provide an opportunity for the two countries to discuss economic and cultural cooperation, as well as the NKR conflict.

“France bears special responsibility for the issue as a Minsk Group Co-Chair country together with U.S. and Russia,” Hollande said about the Artsakh conflict. “We have to launch real talks aimed at the conflict resolution.” Hollande stressed that the ceasefire is not a satisfactory solution and that the conflict should be solved based on the right to self-determination.

Lastly, he stressed the contribution of French Armenians to the French Republic. He told those in attendance that Armenians are some of the “best” citizens of France. “Even beyond the month of May, I will always be at your side, as I have always been,” Hollande concluded. “I will not have the same responsibility, but I will have the same conviction.”

Ֆրանսահայ Կազմակերպութիւնները Համակարգող Խորհուրդի Տարեկան Ընթրիքը՝ Մասնակցութեամբ Նախագահ Հոլանտի եւ Հալէպի Առաջնորդին

(ՆՈՐ ՅԱՌԱՋ) ՓԱՐԻԶ – Չորեքշաբթի, Փետրուար 8-ի երեկոյեան Փարիզի շքեղ պանդոկներէն «Collectionneur»-ի մէջ տեղի ունեցաւ Ֆրանսահայ կազմակերպութիւնները համակարգող խորհուրդի՝ չորրորդ տարեկան հիւրասիրութիւն – հաւաքը, որուն ներկայ էին Հանրապետութեան նախագահ Ֆրանսուա Հոլանտ, ինչպէս նաեւ պետական, շրջանային եւ քաղաքական բազմաթիւ անձնաւորութիւններ, ծանօթ լրագրողներ, արուեստագէտներ:
Քաղաքական բարձրաստիճան դէմքերու շարքին էին Հանրապետութեան նախագահութեան ընկերվարականներու թեկնածու Պընուա Համոնը, Եւրոպական հարցերու պետական քարտուղար Հարլեմ Տեզիրը, Փարիզի քաղաքապետուհի Անն Հիտալկօն, Փարիզի Շրջանային խորհուրդի նախագահուհի Վալերի Փեքրեսը, Հօ-տը-Սէն շրջանի Նահանգային խորհուրդի նախագահ Փաթրիք Տէվէճեանը…: Ներկայ էին նաեւ արուեստի աշխարհի հանրածանօթ մեծ թիւով անձնաւորութիւններ, ինչպէս Շարլ Ազնաւուր, Անտրէ Մանուկեան, Ռոպէր Քէշիշեան, Լիզ Սարեան, լրագրողներ Փաթրիք Փուավր-տ՚Արվոր, Վալերի Թորանեան, Ֆրանց-Օլիվիէ Ժիզպէր, Ժորժ Մալպրիւնօ, Արիան Պոնզոն, հեռատեսիլի աշխարհէն Արա եւ Կորիւն Ափրիկեան, եւ բնականաբար՝ հայկական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ:
Երեկոյթը վարեց լրատուական հեռատեսիլի ծանօթ լրագրողուհի Օտրէ Փիւլվար:
Ելոյթներու մեծ մասը կեդրոնացաւ Միջին Արեւելքի քրիստոնեաներու եւ Հայոց ցեղասպանութեան նիւթերուն շուրջ:
Առաջին խօսք առնողը եղաւ Փարիզի քաղաքապետուհին, որ յիշելով Հոկտեմբերին Երեւան կատարած այցը, յայտնեց իր զարմանքը ի տես հոն՝ մշակոյթին գրաւած կեդրոնական տեղին եւ ծնունդ առնող նորարար գաղափարներուն: Հիտալկօ իր զօրակցութիւնը յայտնեց Հայաստանի եւ Հայութեան բոլոր բարեկամներուն՝ որոնք վտանգուած են աշխարհի մէջ: Այս առընչութեամբ, Փարիզի քաղաքապետուհին յայտարարեց, որ կը պատրաստուի քաղաքի մետալը յանձնելու Թուրքիոյ խորհրդարանի հայ երեսփոխան Կարօ Փայլանին:
Յաջորդեց Վալերի Փեքրես: Ան եւս յիշեց Հայաստան կատարած իր այցելութիւնը, 27 տարիներ առաջ եւ բացատրեց, թէ ներկայիս Փաթրիք Տէվէճեանի եւ դեսպան Վիգէն Չիտեչեանի հետ կ՚աշխատի Հայաստանի շրջաններէն մէկուն հետ գործընկերութիւն հաստատելու ծրագրին վրայ: Յայտնելով Միջին Արեւելքի քրիստոնեաներուն զօրակցելու իր յանձնառութիւնը, ըսաւ թէ պիտի շարունակէ օգնել Էլիզ Պօղոսեանի (EliseCare-ի հիմնադիրը) առաքելութեան: Խօսեցաւ նաեւ Հայոց Ցեղասպանութեան մասին, նշելով՝ թէ կը փափաքի, որ Ֆրանսա շարունակէ բարձր պահել Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման խնդիրը:
Այնուհետեւ, յաջորդաբար խօսք առին Ֆրանսահայ Կազմակերպութիւնները Համակարգող Խորհուրդի համանախագահներ Արա Թորանեան, Մուրատ Փափազեան:
Թորանեան լայն շրջագիծով անդրադարձ մը կատարելէ ետք Ֆրանսայի մէջ գործուած ահաբեկչական արարքներէն մինչեւ Հալէպի Հայութեան իրավիճակին, Լեռնային Ղարաբաղի մէջ տիրող կացութեան՝ եզրակացուց. «Այդ շրջանին մէջ, գոնէ այդ գօտիին մէջ, որ կը գտնուի Անգարայի ազդեցութեան տակ, մահը կը շարունակէ թափառիլ հայ ժողովուրդին շուրջբոլորը»։ Ան խօսեցաւ նաեւ ցեղասպանութեան ժխտումի պատժելիութիւնն ալ ընդգրկող օրինագիծին Սահմանադրական խորհուրդին կողմէ մերժումին մասին, հարց տալով թէ Բ. Աշխարհամարտի ցեղասպանութեան ժխտումը յանցանք է, բայց ո՞չ՝ Ա. Աշխարհամարտին գործուածին ժխտումը: Եւ եզրափակեց իր խօսքը ըսելով, թէ ժխտումը՝ ցեղասպանութեան վերջնագոյն փուլն է:
Մուրատ Փափազեան իր խօսքը սկսաւ ըսելով՝ «Անարդարութիւններու դէմ պայքարը մեր մղիչ ուժն է» եւ յիշեց Ղարաբաղի իրավիճակը, ռուս-իսրայէլացի լրագրող Լափշինի պարագան, 2013-ին Փարիզի մէջ քիւրտ երեք գործիչներու սպանութիւնը, Կարօ Փայլանը…, նշելու համար, որ թուրք-ազէրպայճանական անհանդուրժողութիւնը կը հարուածէ ամէն կողմ:
Այնուհետեւ, Ֆրանսահայ Կազմակերպութիւնները Համակարգող Խորհուրդի համանախագահները շքանշան յանձնեցին Գերմանիոյ Փարիզի դեսպան Փասքալ Հեքթորին, որ զայն ստացաւ յանուն Պունտեսթակի նախագահ Նորպերթ Լամերթի եւ ծագումով թուրք երեսփոխան Ճեմ Օզտեմիրի, որոնք չէին կրցած ներկայ ըլլալ:
Ապա, Թորանեան եւ Փափազեան շքանշան յանձնեցին նաեւ այս առթիւ Սուրիայէն յատկապէս հրաւիրուած Բերիոյ թեմի Առաջնորդ Շահան Արք. Սարգիսեանին: Անոր միջոցով Ֆրանսահայ Կազմակերպութիւնները Համակարգող Խորհուրդը ուզած էր համայն Հալէպի Հայութիւնը պատուել: Ցուցադրուեցաւ այդ համայնքի ապրած դժուարութիւններուն եւ վերականգնումի ճիգերուն նուիրուած կարճ տեսանիւթ մըն ալ, որմէ ետք ֆրանսերէնով ելոյթ ունեցաւ Առաջնորդը: Ան իր խօսքը նուիրեց «Իւրաքանչիւր Սուրիահայու, այդ բարբարոսութեան անմեղ զոհերուն եւ տառապող վիրաւորներուն։ Բայց նաեւ հայ համայնքի դերակատարներուն, որոնք իրենց կեանքը վտանգելով՝ շարունակեցին իրենց կրթական, մարդասիրական, մշակութային կամ քաղաքական գործունէութիւնը. մեր երիտասարդներուն, որոնք անապահովութեան ընդհանուր մթնորլորտի մէջ՝ տիւ եւ գիշեր պաշտպանեցին մեր թաղամասերը”։ Հալէպի առաջնորդին ցնցիչ ճառը արժանացաւ յոտնկայս ծափարահարութեան։
Ծանօթ պատմաբան, 45 տարիէ ի վեր Հայոց ցեղասպանութիւնը հետազօտող Իվ Թերնոնի եւս յանձնուեցաւ շքանշան: Թէ՛ զարմացած, թէ՛ ոգեւորուած, Թերնոն պատմելով Հայոց ցեղասպանութեան նուիրուած իր առաջին ուսումնասիրութիւնները, յիշատակեց յատկապէս Արփիկ Միսաքեանի անունը, որ զինք սկիզբէն քաջալերած էր: Ըսաւ նաեւ թէ 21-րդ դարն ալ սկսաւ ցեղասպանութեամբ՝ Եզիտիներունը: «Մտածենք ցեղասպանութեանց զոհերուն մասին. ատոր համար հոս հաւաքուած ենք այս իրիկուն», եզրակացուց ան:
Հուսկ խօսք առաւ նախագահ Հոլանտ: «Հաւասարութեան եւ քաղաքացիութեան» մասին օրէնքին մէջ Ցեղասպանութիւններու ժխտումի պատժելիութեան դրոյթներուն Սահմանադրական խորհուրդին կողմէ հակասահմանադրական գնահատուելուն մասին ըսաւ, որ ժխտել երէկուան կոտորածները, կը նշանակէ արտօնել այսօրուանները:
«Ես կ՚ողջունեմ Ժան-Փօլ Քոսթայի (Օրէնքին մէջ փոփոխութիւններու հեղինակ) կողմէ կատարուած որակաւոր աշխատանքը”, ըսաւ նախագահը: Ըստ Հոլանտի` անհրաժեշտ է հետապնդել այս գործը, քանի որ «Այս հարցով պայքարը ոչ թէ ձեզի յատուկ դատի մը ի խնդիր մղուած պայքար է, այլ պայքար՝ ճշմարտութեան», ըսաւ Ֆրանսայի նախագահը: Հոլանտ յիշեցուց, որ Ֆրանսայի Կրթութեան նախարար Նաժատ Վալօ-Պելքասեմի եւ պատմաբան Վենսան Տիւքլերի համանախագահութեամբ ստեղծուած է առաքելութիւն մը, որուն նպատակն է «հիմնել բոլոր ցեղասպանութիւններու, պատերազմական ոճիրներու, ի շարս որոնց՝ Հայոց ցեղասպանութեան յիշատակի միասնական օր մը»: Յուշեց նաեւ որ 2017 թուականը կը յատկանշուի Հայաստան-Ֆրանսա դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման 25-ամեակով: «Նախագահ Սարգսեանը պաշտօնական այցով Փարիզ հրաւիրեցի. այդ այցը տեղի պիտի ունենայ Մարտ 8-ին՝ Կիներու օրը։ Ատիկա առիթ պիտի ընծայէ անդրադառնալու տնտեսական, մշակութային յարաբերութիւններուն, ինչպէս նաեւ համալսարանական համագործակցութեան։ Միաժամանակ, պիտի քննարկենք Լեռնային Ղարաբաղի հարցը, քանի որ Ֆրանսան այս հարցով յատուկ պատասխանատւութիւն ունի։ Այս հակամարտութեան լուծում գտնելը հրատապ հարց »”, շեշտեց Ֆրանսայի նախագահը: Եզրափակելով խօսքը` ան բարձր գնահատեց նաեւ Ֆրանսայի հայ համայնքին դերը: «Հոս ենք Ֆրանսայի լաւագոյնին մասին խօսելու համար, քանի որ դուք Ֆրանսայի լաւագոյններն էք։ Նոյնիսկ Մայիսէն ետք ես մշտապէս պիտի ըլլամ ձեր կողքին, քանի որ միշտ ալ եղած եմ։ Պիտի չունենամ նոյն տիտղոսը, սակայն պիտի ըլլամ միեւնոյն համոզումներու տէրը», եզրակացուց ան։