ԼՂՀ ՄՇԱԿՈՅԹԻ ՆԱԽԱՐԱՐԻ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄԸ ՅՈՒՆԱՍՏԱՆ-ՀԱՅԱՍՏԱՆ ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԱԿԱՆ ԲԱՐԵԿԱՄՈՒԹԵԱՆ ԽՈՒՄԲԻՆ ՀԵՏ

Աթէնք իր այցելութեան առիթով, ԼՂՀ մշակոյթի եւ երիտասարդական հարցերու նախարար Նարինէ Աղապալեան այցելութիւն մը տուաւ հելլէն խորհրդարան, ուր ընդունուեցաւ Յունաստան-Հայաստան խորհրդարանական խումբի նախագահ, հելլէն խորհրդարանի նախկին նախագահ Ափոսթոլոս Գաքլամանիսի եւ խումբի անդամներ՝ Փրոքոփիս Փաւլոփուլոսի, Միխ. Թամիլոսի, Ծենի Վամվաքայի եւ Մարինոս Ուզունիտիսի կողմէ:

Տիկին նախարարուհիին կ’ուղեկցէին ՀՀ դեսպանորդ Մինաս Մարտիկեանը եւ ՀՅԴ Հայ Դատի Յանձնախումբի անդամներ ընկ. Արաքսի Աբէլեան-Գոլանեան եւ ընկ. Խաչիկ Խաչատուրեան:

ԼՂՀ մշակոյթի եւ երիտասարդական հարցերու նախարար Նարինէ Աղապալեան Յունաստան-Հայաստան խորհրդարանական խումբի անդամներ՝ Փրոքոփիս Փաւլոփուլոսի (աջ) եւ Միխալիս Թամիլոսի հետ:
ԼՂՀ մշակոյթի եւ երիտասարդական հարցերու նախարար Նարինէ Աղապալեան Յունաստան-Հայաստան խորհրդարանական խումբի անդամներ՝ Փրոքոփիս Փաւլոփուլոսի (աջ) եւ Միխալիս Թամիլոսի հետ:

Մօտ մէկ ժամ տեւած հանդիպումը կայացաւ շատ ջերմ ու ընկերային մթնոլորտի մէջ:
Զրոյց ծաւալեցաւ ԼՂՀ ներկայ իրավիճակի, Ատրպէյճանի ապակառուցողական կեցուածքին շուրջ: Տիկին նախարարուհին շեշտեց թէ կարգաւորման գործընթացի արդիւնաւէտութեան բարձրացումը ուղղակիօրէն կապուած է բանակցութիւններու գործընթացին մէջ Արցախի մասնակցութեան հարցին եւ ներկայացուց ղարաբաղեան հիմնախնդրի հանգուցալուծման ուղղութեամբ տարուած ջանքերը:

ԱԶԱՏ ՕՐ

Նկար – Ձախէն՝ Արաքսի Աբէլեան-Գոլանեան, Ծենի Վամվաքա, Միխալիս Թամիլոս, նախարար Նարինէ Աղապալեան, նախագահ Ափոսթոլոս Գաքլամանիս, Խաչիկ Խաչատուրեան, դեսպանորդ Մինաս Մարտիկեան: