Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Հայ Դատի Յանձնախումբը կը փափաքի իր խորին շնորհակալութիւնը եւ երախտագիտութեան խօսքը յայտնել Փերուզ եւ Անդրանիկ Եոլճեաններու կատարած 15.000 եւրոյի ազնիւ ու սրտաբուխ նուիրատուութեան համար, Արցախի որբերուն ու անոնց ի նպաստ կատարուելիք աշխատանքներուն առ ի մասնակցութիւն:
Հայ Դատի Յանձնախումբը կը հաւաստիացնէ, թէ այս գումարը ամենայն բծախնդրութեամբ պիտի տրամադրուի սոյն նպատակին ծառայելու գործին:
Ստորեւ՝ կը հրատարակենք Եոլճեան Փերուզի եւ Անդրանիկի նամակը, ուր անոնք կ՛արտայայտուին այս նուիրատուութեան դիմելու իրենց դրդապատճառներուն մասին:
Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Հայ Դատի Յանձնախումբ
Սրտաբուխ օգնութիւն մեր հերոսական Արցախին
Մենք՝ ստորագրեալներս, հաւատարիմ մնալով մեր ծնողներու դաստիարակութեան եւ անմոռանալի յիշատակին, այս գիրով կու գանք յայտնելու, թէ որոշած ենք մեր կեանքի ընթացքին հաւաքուած սեփական խնայողութիւններէն կարեւոր մաս մըն ալ յատկացնել մեր սիրելի Արցախի հայերուն: Անշուշտ առաջին անգամը չէ, որ մեր նպաստը կը բերենք Արցախին, Յունաստանի Համահայկական Հիմնադրամի կամ յունահայ գաղութի կողմէ կազմակերպուած «Ֆոնեթոն»ի ճամբով, ինչպէս նաեւ՝ գաղութիս հոգեւոր, ազգային, կրթական եւ մշակութային զանազան կառոյցներուն: Այս բոլորով հանդերձ՝ մեզի համար, որպէս սփիւռքի մէջ ծնած համեստ հայորդիներ, Արցախը կը հանդիսանայ հայ ժողովուրդի գոյութեան եւ պահպանման հիմնական գրաւական: Մեր մտքերուն մէջ տակաւին շատ թարմ է, թէ ի՜նչ ծանր պահերէ անցաւ արցախահայութիւնը եւ, հակառակ անոր, միշտ կառչած մնաց իր սեփական պատմութեան փորձին եւ, գրաւ դնելով իր հերոսական ու անձնուէր որդիներուն նուիրական մարտունակութեան վրայ, անգամ մը եւս յաջողեցաւ ետ մղել թշնամին. բնականաբար բազմաթիւ նահատակներ ալ ունեցաւ:
Առ այդ՝ յատկապէս մեր սիրելի ծնողներու՝ Սիմոն եւ Մելինէ Եոլճեաններու, ինչպէս նաեւ Եոլճեան եւ Խուրտաճեան գերդաստաններու բոլոր ննջեցեալներու յիշատակին, թէ՛ պատկերներով եւ թէ վիտիոյով տեսնելէ եւ լսելէ ետք յունահայոց առաջնորդ Խորէն Արք. Տողրամաճեան Սրբազանի պատմութիւնները Յունաստանի Հայ Դատի Յանձնախումբի ճամբով՝ այս տարուան «Խածիքիրիաքօ» եւ «Սիրոս» կղզի հիւրընկալուած Ապրիլեան չորսօրեայ պատերազմի քաջարի հայ ազատամարտիկներու զաւակներուն մասին, միւս կողմէ քաջ գնահատելով վերջին քսան տարուան Յունաստանի Հայ Դատի Յանձնախումբի կատարած նուիրական ու մարդասիրական այս մեծ գործը, համագործակցութեամբ Արցախի արտաքին գործոց նախարարարութեան, որոշեցինք 15.000 եւրոյի նուիրատուութիւն մը մատուցել մեր սիրելի Արցախի որբերուն եւ անոնց ի նպաստ կատարուելիք աշխատանքներուն:
Վերջապէս, թոյլ տուէք ձեզ կրկին անգամ ողջունելու Արցախի մեր սիրելի քոյրեր եւ եղբայրներ՝ հաւատալով, որ այս փոքր նուիրատուութիւնը ոչինչ է այն նուիրական կեցուածքներուն դիմաց, որ դուք ամէն օր կը կատարէք, ի փառս Հայութեան եւ յանուն Արցախի պահպանման:
Կեցցե՛ն Արցախն ու արցախահայերը:
Մնամք ձեր՝
Քոյր եւ Եղբայր
Փերուզ եւ Անդրանիկ Եոլճեաններ