Արամ Ա. Կաթողիկոս Մոնթրէալի մէջ խորհրդակցական հանդիպում մը ունեցաւ Սիսի կաթողիկոսարանի դատի գծով

Մոնթրէալ իր կեցութեան կարճ շրջանին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը խորհրդակցական հանդիպում մը ունեցաւ Սիսի պատմական Կաթողիկոսարանի վերադարձի դատի իրաւաբաններու խումբի գլխաւոր պատասխանատու Դոկտ. Փայամ Ախաւանի հետ։ Խորհրդակցութեան ներկայ եղան Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Կեդրոնական Վարչութեան անդամ իրաւաբան Վահէ Եագուպեան, Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի անդամ եւ Հայ Դատի առնչուած հարցերու պատասխանատու Տիար Յակոբ Տէր Խաչատուրեան եւ Կաթողիկոսարանի Տեղեկատուական բաժանմունքի վարիչ Գերպ. Տ. Յուսիկ Ծ. Վրդ. Մարտիրոսեան։

Հանդիպումի ընթացքին քննարկուեցան Սիսի պատմական Կաթողիկոսարանի դատի գործընթացն ու յառաջիկայ հանգրուանները՝ իրենց իրաւական ու պատմական երեսներով։

Յայտնենք, որ 21 Հոկտեմբեր 2016-ին, Ժընեւի մէջ, խորհրդակցական ընդլայնուած հանդիպում մը տեղի պիտի ունենայ, որուն պիտի մասնակցին յանձնախումբի հայ թէ օտար բոլոր անդամները։

Արամ Ա. Վեհափառ հանդիպեցաւ ՀՅԴ Գանատայի Կեդրոնական Կոմիտէին հետ

Հոկտեմբեր 7-ին, Արամ Ա. Վեհափառ Մոնթրէալի Գանատայի Ազգային Առաջնորդարանի համալիրին մէջ հանդիպում ունեցաւ ՀՅԴ Գանատայի Կեդրոնական Կոմիտէին հետ։
Հանդիպման ընթացքին, ՀՅԴ Գանատայի Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչ Րաֆֆի Տօնապետեան համապարփակօրէն ներկայացուց Գանատահայութեան այսօրուան իրավիճակը, շեշտելով ներգաղութային իրավիճակը, սուրիահայ ներգաղթողներու հարցը եւ մանաւանդ գանատահայութեան մէջ նորահաս սերունդի հայեցի դաստիարակութեան հարցը։
Հանդիպման աւարտին, Վեհափառ Հայրապետը գնահատանքի իր խօսքը ուղղեց Գանատայի մէջ հայութեան դատի պաշտպան Հայ Դատի յանձնախումբին։