Հայ Դատի ի Նպաստ Հանգանակային Ձեռնարկներ Սենթ Գաթրիզնի եւ Գէմպրիճի Մէջ

Հոկտեմբեր 1-2 շաբաթավերջի ընթացքին, Հայ Դատի գործունէութեան ի նպաստ հանգանակային ձեռնարկները շարունակուեցան Հարաւային Օնթարիոյի հայաշատ գաղութներէն ներս:

Կազմակերպութեամբ Սենթ Գաթրինզի ՀՅԴ «Անդրանիկ» եւ Համիլթընի «Վռամեան» կոմիտէներուն եւ համագործակցութեամբ տեղական Հայ Դատի յանձնախումբերուն, Շաբաթ 1 Հոկտեմբեր 2016-ի երեկոյեան, Սենթ Գաթրինզի Հայ Կեդրոնէն ներս տեղի ունեցաւ յատուկ ընդունելութիւն մը, որուն ընթացքին մեծ թիւով Հայ Դատի բարեկամներ ներկայ գտնուեցան եւ առիթը ունեցան ունկնդրեու զեկոյցներ՝ Հայ Դատի Կեդրոնական խորհուրդի, Ամերիկայի Շրջանային յանձնախումբի եւ Գանատայի Շրջանային յանձնախումբի աշխատանքներուն կապակցութեամբ:

Յաջորդ օրը՝ Կիրակի 2 Հոկտեմբեր 2016-ին, Նոյնանման ձեռնարկ մը տեղի ունեցաւ Գէմպրիճի մէջ, կազմակերպութեամբ շրջանի «Արամ-Դրօ» կոմիտէութեան եւ տեղական Հայ Դատի յանձնախումբին, ուր նաեւ մեծ թիւով Հայ Դատի բարեկամներ ներկայացած էին ցուցաբերելու իրենց անվերապահ աջակցութիւնը Հայ Դատի աշխատանքներուն:

Զոյգ ձեռնարկներու ընթացքին, յաջորդաբար խօսք առին՝ ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ եւ Հայ Դատի Կեդրոնական խորհուրդի նախագահ՝ Ընկ. Յակոբ Տէր Խաչատուրեան, ՀՅԴ Գանատայի Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչ՝ Ընկ. Րաֆֆի Տօնապետեան, ԱՄՆ-ի Հայ Դատի Յանձնախումբի ատենապետ՝ Ընկ. Րաֆֆի Համբարեան եւ Գանատայի Հայ Դատի Յանձնախումբի գործավար՝ Ընկ. Սեւակ Պէլեան: Վերոնշեալ ընկերները յաջորդաբար ներկայացուցին Հայ Դատի Կեդրոնական Խորհուրդի, Գանատայի հանգանակային աշխատանքներու, ԱՄՆ-ի Հայ Դատի յանձնախումբի եւ Գանատայի շրջանային յանձնախումբի ու տեղական մարմիններու գործունէութեանց ամփոփ զեկոյցները:

Երկու ձեռնարկներու աւարտին, հանգանակութեանց արդիւնքները Հայ Դատի գործունէութեան համար ապահովեցին կոկիկ գումար մը:

ANCC FUNDRAISING EVENTS CONTINUE IN SOUTHERN ONTARIO

Yesterday and today, successful series of fundraising events took place in the St. Catharines/Hamilton and Cambridge communities, respectively.

At both events, hundreds of community members once again reaffirmed their unconditional support to our great nation and its timeless cause.

Thank you all for your selfless dedication and strong commitment to our shared goals and values. #WeAreANCC #50YearsStrong #ANCC