Գանատայի խորհրդարանին մէջ ոգեկոչուեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան 111-րդ տարելիցը
Կազմակերպութեամբ Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբին, երեքշաբթի, 28 ապրիլ 2026-ին, Գանատայի խորհրդարանին մէջ տեղի ունեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան 111-րդ տարելիցին նուիրուած հանդիսաւոր ոգեկոչում։ Ձեռնարկը համախմբեց քաղաքական, դիւանագիտական, հոգեւոր եւ համայնքային շրջանակներու ներկայացուցիչներ։









